2011-05-11 13:19:33

Օգոստոս Ամսոյն Մէջ, Ավիլայի Ս. Յովհաննէս՝ Եկեղեցւոյ Վարդապետ Պիտի Հռչակուի։ Ան եղած է քարոզիչը բողոքական հակա-վերանորոգումին։


Ներկայիս Հռոմի մէջ սուրբերու դատի ժողովի անդամ 30 կարտինալներ, արքեպիսկոպոսներ ու եպիսկոպոսներ, կը խորհրդակցին հռչակելու համար Ավիլայի Ս. Յովհաննէսը (1500-1569) որպէս Եկեղեցւոյ վարդապետ։ Պաշտօնական հռչակումը հաւանաբար տեղի ունենայ Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան ընթացքին։
Ան՝ Ս. Յովհաննէս, ծնած է 1500-ին Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքին մօտերը, զաւակն է դարձի եկած հրեայ ընտանիքի մը։ Իրաւաբանական ուսումները կատարած է Սալամանքայի մէջ, ապա կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է։ Եղած է Սպանիոյ հակա-վերանորոգումի մեծ քարոզիչը։ Ս. Յովհաննէս՝ սերտ կապ հաստատած էր Ս. Ինքնատիոս տէ Լոյոլայի ու Սրբուհի Թերեզա տ'Ավիլայի հետ։
Ան հիմնած է դպրեվանքեր եւ համալսարաններ։
Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը 31 մայիս 1970ին սուրբ հռչակած էր Ավիլայի ս. Յովհաննէսը։ Անոր յիշատակութիւնը կը կատարուի 10 մայիսին։
Նշենք թէ սուրբերու դատի ժողովի գլխաւոր երեք նպատակներէն մէկն է, ուսումնասիրել ապագայ ՜՜Եկեղեցւոյ Վարդապետներու՝՝ թղթածրարը։ Այս գրասենեակը հիմնուած է Պօղոս Զ Քահանայապետէն, 8 մայիս 1969-ին, սակայն սուրբերու դատի ժողովը գոյութիւն ունէր 1588էն ի վեր ՜՜Ծէսերու Ժողովը՝՝ անուան տակ։
Եկեղեցւոյ Ապագայ Վարդապետներու թղթածրարը՝ նաեւ կ'անցնի հաւատոյ ժողովի ձեռքը, որ արդէն իր հաւանութիւնը տուած է Ավիլայի Ս. Յովհաննէսի հարցին շուրջ։ Եկեղեցւոյ Վարդապետի հռչակումը կ'իյնայ Սրբազան Քահանայապետին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այդ հռչակումը կրնայ կատարել Մատրիտ կատարելիք ճամբորդութեան ընթացքին երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին ընթացքին, որմէ ետք Սրբազան Հայրը առաքելական նամակով մը պաշտօնական կը դարձնէ։
33 վարդապետներ որոնցմէ երեքը կիներ են -
Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Լիզիոյի սրբուհի Թերեզան Եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակեց 24 օգոստոս 1997ին, Փարիզի երիտասարդութեան համաշխարհային օրը եւ այդ հռչակումը պաշտօնականացուց 19 հոկտեմբեր 1997ին, առաքելական գիրով մը։
Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսական սիւնոդոսը կ'աշխատի Ս. Գրիգոր Նարեկացին ''Եկեղեցւոյ Վարդապետ'' հռչակել տալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ։
Յայտնենք թէ Եկեղեցին Եկեղեցւոյ Վարդապետ տիտղոսը կը շնորհէ այն աստուածաբաններուն, որոնք իրենց իւրայատուկ հեղինակութեամբ՝ ճանչցուած են որպէս վկաները վարդապետութեան, իրենց մտածողութեան անվրէպութեան, իրենց կեանքի սրբութեան ու իրենց գրութեան կարեւորութեան։
Ներկայիս Եկեղեցին հռչակած է 33 վարդապետներ, որոնցմէ երեքը կիներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.