2011-05-11 13:19:16

Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարի Հանդիպումը Իտալիոյ Արտգործ Նախարարի Հետ


Ս. Աթոռի պետական քարտուղար կարտինալ Պերթոնէ 10 մայիսին տեսակցութիւն ունեցած է Իտալիոյ արտգործ նախարար ֆրադինիի հետ իր մտահոգութիւնը յայտնելու ի տես հիւսիսային Ափրիկէի մէջ քրիստոնեաներու կրած միշտատեւ հալածանքին մասին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած խռովութիւններու մասին։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը յայտնած է թէ հանդիպումը աւելի քան մէջ ժամ տեւած է կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար ֆրադինիի միջեւ։ Երկու դիւնագէտները շոշափած են բազմաթիւ նիւթեր` ''Եւրոպայի կացութիւնը'', եւ ''միջազգային կացութիւնը''։ Կարտինալ Պերթոնէ իր մտահոգութիւնը յայտնած է հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական խոռվայոյզ կացութեան մասին։ Վատիկանի դիւանագէտը յատկապէս մատնանշեց հիւսիս Ափրիկէի մէջ քրիստոնեաներու կրած միշտատեւ հալածանքին մասին խնդրելով միջամտութիւնը քրիստոնեաներու պաշտպանութեան համար։ Նշենք թէ անցեալ 7-8 մայիս Եգիպտոսի մայրաքաղաքին մէջ ղպտի քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ տեղի ունեցած փախումները պատճառած են 12 զոհեր եւ աւելի քան 200 վիրաւորներ








All the contents on this site are copyrighted ©.