2011-05-11 13:11:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 11 մայիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Ս. Պետրոսի հրապարակը։
Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը աղօթքի նշանակութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը այսօր բացայայտեց աղօթքին ոյժը որու շնորհիւ կը ստեղծուի սերտ կապ մը`ուխտ մը Աստուծոյ ու մարդու միջեւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութեան սկիզբը, այսօր կ'ուզեմ շարունակել իմ խորհդածութիւնս աղօթքի եւ հոգեւոր կեանքի նշանակութեան մասին։ Աղօթքը եւ հոգեւորութիւնը միշտ բնակած են մարդու սրտին մէջ։ Աստուծոյ նմանութեամբ ու պատկերին համաձայն ստեղծուած մարդը իր մէջ կը պահէ, հակառակ մեղքին, բաղձանքը միանալու իր Արարիչին։ Բնութեամբ մարդը հոգեւորական է, ինչպէս որ է` իմաստուն եւ գործօն։
Այսօրուան մարդը, ինչպէս նախամարդը, հոգեւոր փորձառութեան մէջ կը փնտռէ գերազանցել իր սահմանափակութիւնը։ Իր մէջ կ'ամփոփէ անհուն ծարաւը, իղձը յաւիտենականութեան, փնտռտուքը գեղեցկութեան, բաղձանքը սիրոյ, կարիքը լոյսի եւ ճշմարտութեան։ Դէպի Աստուած այդ ձգողութիւնը աղօթքի հոգին է։
Աղօթքը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, փորձառութիւն մըն է որ կը գտնենք բոլոր կրօններու մէջ, բոլոր մշակոյթներու մէջ եւ ամէն անհատի մօտ։ Աղօթքը նախ եւ առաջ կեցուածք մըն է, Աստուծոյ առջեւ ըլլալու եղանակ մը։ Վաճառականութեան վայր մը չէ, ձգողական ոյժ մըն է դէպի անտեսանելին, անսպասելին ու անհնարին։
''Աղօթել կը նշանակէ ինքզինք զգալ աշխարհէն դուրս'' ծնրադրութեամբ, աղօթքի եղանակի մէկ արտայայտութիւնը. աղօթողը կը խոստովանի իր մեղաւոր ըլլալը եւ իր ամբողջ էութիւնը կ'ուղղէ դէպի Խորհուրդը։ Աղօթքի էութիւնը, ըսաւ Սրբազան հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, կը գտնենք մարդու հայեացքին մէջ որ ուղղուած է յայտնուած Աստուծոյ, որու մէջ կ'իրականանայ մարդկային իղձին լիութիւնը։ Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը մարդուն, մարդը իր աղօթքովը կը համապատասխանէ այդ սիրոյն։ Եւ այսպէս անհատական կապ մը ( ուխտ մը կը ստեղծուի Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները քաջալերելով զանոնք աղօթել եւ ընտանիքի անդամներու ու բարեկամներու հետ, եւ այսպէսով ձեր սրտի լռութեամբ կը սորվիք ճանչնալ Աստուծոյ ձայնը, յայտնուած՝ Յիսուս Քրիստոսէն` Միածին Որդիէն։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն յիշեցնելով անոնց որ մայիս ամիսը նուիրուած է ամենասուրբ Կոյս Մարիամին եւ այս պատճառաւ կը հրաւիրեմ ձեզ արտասանել ամենօրեայ Ս. վարդարանի աղօթքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.