2011-05-11 13:20:07

Եգիպտոսի Ղպտիները Կը Պահանջեն Խստացնել՝ Քրիստոնեաներու Անվտանգութիւնը Ապահովող Միջոցառումները։


Եգիպտոսի վարչապետարանը յայտարարեց, որ ապահովական ուժերը ձերբակալած են շաբաթ գիշեր ղպտիներու եւ սալաֆականներու միջեւ 12 զոհ եւ աւելի քան 200 վիրաւոր պատճառած արիւնալի բախումներուն «կազմակերպիչը»: Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը ձերբակալած է նաեւ դէպքերուն մեղսակից 14 այլ անձեր:

Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հակա-քրիստոնէական ցոյցերէն եւ սպանութիւններէն ետք, ղպտիները եգիպտոսի իշխանութիւններէն կը պահանջեն խստացնել իրենց անվտանգութեան ուղղուած միջոցառումները:

Իսմայիլիէէն Ղպտի Կաթողիկէ եպիսկոպոս անպա Մաքարիոս Թուֆիք Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց խորհուրդի մամլոյ ծառայութեան յայտնեց, որ մեծ մտավախութիւններ ունի, «որովհետեւ որեւէ երաշխիք չունինք»` աւելցնելով, որ «ան որ բիրտ ուժ օգտագործելը լաւ գիտէ, կրնայ դժբախտաբար մեզ նախկին վարչակարգ վերադարձնել, եւ ներքին տագնապները օրըստօրէ աւելի վտանգաւոր կը դառնան»:
Ան անդրադառնալով Գահիրէի մէջ 12 զոհ պատճառած համայնքային վերջին դէպքերուն յայտնեց, որ «այս դէպքերուն ետին կը կանգնի սալաֆական արմատական հոսանք մը եւ թերեւս նաեւ նախկին նախագահին գաղտնի սպասարկութեան անդամները»: Անպա Թուֆիք նշեց, որ «սալաֆականները սուտ պատմութիւններ հնարեցին, որպէսզի զանոնք իբրեւ պատրուակ օգտագործեն քրիստոնեաներու պաշտամունքի վայրերուն, տուներուն եւ վաճառատուներուն դէմ յարձակում գործելու, զանոնք կողոպտելու եւ քանդելու համար»: Ան գոհունակութիւն յայտնեց իսլամական չափաւորական խմբաւորումներու կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:
Անպա Թուֆիք ընդգծեց, որ «խօսքէն գործի անցնելու ժամանակը հասած է, որովհետեւ դատապարտումները բաւարար չեն: Իսկական գործակցութիւն ստեղծելու համար դատապարտումներուն պէտք է հետեւին շօշափելի քայլեր»:

Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդէն աղբիւր մը եգիպտական «Մասրի Ալիոմ» օրաթերթին յայտնեց, որ «զինեալ ուժերու ղեկավարութիւնը լուծարեալ Ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ Իմպապայի մէջ պատահածին նման համայնքային սադրանք հրահրելու ճամբով Եգիպտոսը քաղաքացիական պատերազմի մղելու ծրագիրի մը շուրջ տեղեկութիւններ ստացաւ»: Աղբիւրը աւելցուց, որ «այս կուսակցութեան ներկայացուցիչները կ՛ուզեն յեղափոխութիւնը ձախողութեան մատնել, որպէսզի կարենան իրենց գործունէութեան վերադառնալ»:

Միւս կողմէ, Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա իրավիճակը ճգնաժամային նկատելով` Եգիպտոսի կառավարութեան եւ զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին կոչ ուղղած է` ստեղծուած ճգնաժամէն ելք գտնելու համար համալսարանական գիտնականներու եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ խորհրդաժողով կազմակերպել:








All the contents on this site are copyrighted ©.