2011-05-11 12:56:09

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Վրթանէս Փափազեան (1866-1920).


 
Մեր ժողովուրդի եզակի դէմքերէն է հայ-բոշայական ծագումով Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Փափազեանի յարկին տակ, Վանի մէջ, 1866ին ծնած Վրթանէսը։ Յիշարժան դէմք էր նաեւ հայրը, որ հետագային կուսակրօն դարձաւ՝ ընդունելով Մաշտոց Վարդապետ անունը եւ երկար տարիներ վարելով պատմական Ս. Վարագայ վանքի վանահայրութիւնը։

Վրթանէս Փափազեան նախ հօր հոգեւորական ծառայութեան հետ եկող ընտանիքով տեղափոխութիւններուն պատճառով, ապա՝ սեփական խառնուածքին բերումով, ապրեցաւ իսկական թափառականի կեանք մը։ Իսկ իր գրականութիւնը եղաւ հարազատ հայելին Վրթանէս Փափազեան ՝՝սրտցաւ հայուն՝՝ որ չկապուեցաւ իր ծննդավայրին կամ որեւէ կեցութեան օրրանի, այլ՝ շրջեցաւ հայաշխարհով մէկ, հասնելու եւ ճանչնալու, սրտակցելու եւ ներկայացնելու համար սովորական հայ մարդիկը, նաեւ՝ անոնց շրջապատին մէջ ապրող եւ ճակատագրակից այլազգիները։ Իբրեւ այդպիսին՝ Վրթանէս Փափազեան արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան բարեսիրտ Տերվիշը, որ հայոց սերունդներուն կտակեց կեանքի զրկանքներուն եւ անարդարութիւններուն տակ տառապող մարդ էակին ցաւն ու ողբերգութիւնը իմաստասիրաբար քանդակող պատմուածքներ եւ հեքիաթներ, պատմավէպեր եւ թատրերգութիւններ, յուշագրութիւններ եւ ժողովրդային զրոյցներ
Մանկութեան եւ վաղ պատանութեան տարիները Վրթանէս Փափազեան անցուց հօր քահանայական ծառայութեան համար ճշդուած վայրերուն մէջ՝ Ագուլիս (Նախիջեւան) եւ Թաւրիզ (Պարսկաստան), ուր եւ ստացաւ իր նախնական կրթութիւնը։

1878ին ընդունուեցաւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, բայց առանց աւարտելու ճեմարանը՝ 1882ին հեռացաւ Վաղարշապատէն եւ հաստատուեցաւ Թեհրան (Պարսկաստան)։ Հոն սորվեցաւ լուսանկարչութիւն եւ փորձեց այդ աշխատանքով ապահովել իր ապրուստը, բայց յաջողութիւն չտաւ։ Սկսաւ թափառական հայու կեանք մը, որ գրական անվիճելի շնորհներով օժտուած հայ երիտասարդին տարաւ Թիֆլիս, Վան, Պաքու եւ ի վերջոյ Պոլիս, ուր ապրեցաւ շուրջ երեք տարի՝ 1885էն մինչեւ 1888։ Այդ թափառումներու շրջանին ծնունդ առին Վրթանէս Փափազեանի առաջին պատմուածքները, ժողովրդային զրոյցները եւ ուղեւորական ակնարկները հայ եւ այլազգի պարզ մարդոց կեանքին ու ընկերային դժբախտութիւններուն մասին, որոնք լոյս տեսան ինչպէս պոլսահայ, նոյնպէս եւ թիֆլիահայ մամուլի (յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի ՝՝Մշակ՝՝ թերթի էջերուն՝ գրաւելով ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Յատկապէս ժողովրդականութիւն գտան սուլթանական Թուրքիոյ լուծին տակ հայ ժողովուրդին վիճակուած ողբերգութիւնը նկարարող իր պատմուածքները, որոնք 1891ին ի մի բերուեցան եւ հրատարակուեցան երկու հատորով՝՝Պատկերներ Թիւրքահայոց Կեանքից՝՝ վերնագրով։ Այդ պատմուածքները յագեցած են վաշխառուական դաժանութիւնները, համատարած չքաւորութիւնն ու անօթութիւնը, պանդխտութիւնն ու դատական անիրաւութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ փողատէրերու կողմէ կատարուած հարստահարումները պատմող յուզիչ էջերով։

Երկար չապրեցաւ Վրթանէս Փափազեան։ Հազիւ 54 տարեկան էր, երբ 26 Ապրիլ 1920ին վախճանեցաւ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, ուր հիւանդանոցային բուժման համար բերուած էր Ս. Էջմիածնէն, որուն նախակրթարանին տեսուչ նշանակուած էր 1919ին։ Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին՝ 1914ի աշնանամուտին անցած էր Նոր Նախիջեւան (հարաւային Ռուսաստան), տեղւոյն հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց պատմութիւն եւ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։

Հակառակ իրեն բաժին ինկած կեանքի կարճատեւ ժամանակին, Վրթանէս Փափազեան բեղուն ժառանգութիւն մը կտակեց հայոց սերունդներուն, որոնք 19րդ դարավերջի հայոց հասարակական կեանքին մասին իրենց պատկերացումը կարեւոր չափով կը պարտին հայ գրականութեան բարեսիրտ այս Տերվիշի ստեղծած պատմուածքներուն, ժողովրդային զրոյցներուն եւ ուղեւորի արձանագրած իրական կեանքի մռայլ պատկերներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.