2011-05-10 12:16:54

Կարտինալ Սարահ Ճաբոն Կ'այցելէ Արտայայտելու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մօտիկութիւնը Ճաբոնի Երկրաշարժէն Աղէտեալ Ժողովուրդին։


Վատիկանի ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած բարեսիրական մարմնի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` Կարտինալ Սարահ Ճաբոն կ'այցելէ մայիս 13-16, արտայայտելու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին մօտիկութիւնը եւ հոգատարութիւնը Ճաբոնի երկրաշարժի աղէտեալներուն։
14 մայիսին կարտինալը պատարագ պիտի մատուցանէ Թոքիոյի Սրբուհի Մարիամի նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որ մեծապէս վնասուած է 11 մարտի երկրաշարժի հետեւանքով։ Ապա կարտինալը պիտի ուղղուի Սենտայ`երկրին հիւիս-արեւելեան կողմը, այն հողամասը՝ ուր ամէնէն աւելի վնասուեցաւ երկրաշարժէն, հոն եւս պատարագ պիտի մատուցանէ։
Իր այս այցելութեան ընթացքին Կարտինալ Սարահ հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ Գարիթասի կամաւորներու հետ, որոնք մեծ նուիրումով օգնութեան կը հասնին երկրաշարժի զոհերուն։
Նշենք թէ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք Վատիկանը 150 հազար տոլար տրամադրեց որպէս առաջին օժանդակութիւն։ Աւագ հինշաբթի օրը, Նորին Սրբութիւնը Ս. Յովհաննէս տաճարին մէջ մատուցած պատարագի դրամահաւաքը նաեւ՝ յատկացուց Ճաբոնի երկրաշարժի զոհերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.