Դպրաց Եւ Կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն Անթիլիասի
Մէջ։
Կիրակի 8 Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի փոքր դասարաններու աշակերտները,
ինչպէս նաեւ Ընծայարանական սաներ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Հայ
Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորութեան խոնարհ աստիճանները ստացան: Արամ Ա. Կաթողիկոսի
հայրական բարձր տնօրինումով, Դպրեվանքի Տեսչութիւնը ձեռնադրութեան ներկայացուցած էր դպրութեան
եւ կիսասարկաւագութեան յարմարագոյն երկու դասարանները: ՙՀայր Մեր՚էն անմիջապէս
առաջ, Մայր Խորանի բեմին առջեւ տեղի ունեցաւ Դպրաց ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ Գերշ. Տ. Կորիւն
Ս. Արք. Պապեանի: Ձեռնադրիչ Սրբազանը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ խոնարհ կարգերուն առաջին
չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւնը, Ջահընկալութիւնը, Երդմնեցուցչութիւնը եւ Ընթերցողութիւնը
շնորհելով, անոնց գլուխներէն խաչանիշ կտրեց մազի փունջեր, ի նշան եկեղեցւոյ ծառայութեան
ընծայումի: Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Արտակ Աբղ. Արապեան: Կորիւն Սրբազան նաեւ
կիսասարկաւագական աստիճան շնորհելով Ա. Ընծայարանի սաներուն, Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող
մաքուր ու սուրբ ուրարները անոնց բազուկներուն վրայ զետեղեց: Ապա, ընթերցուած աղօթքներուն
ճամբով, ձեռնադրիչ Սրբազանը յորդորեց զանոնք ըլլալ հաւատարիմ իրենց պաշտօնին, ու անարատութեամբ
կատարել զայն: Այս առիթով Սրբազանը քարոզեց, եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչուած անձին նկարագրային
գիծերը մատնանշելով: Սրբազանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ մեր ժողովուրդէն ընտրուած
նորահաս սերունդին, որ կոչուած է ծառայելու մեր եկեղեցւոյ ու ազգին: Ան շնորհաւորեց Վեհափառ
Հայրապետը, Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու յատկապէս ձեռնադրեալներուն ծնողները, վստահեցնելով
որ նորոգ ձեռնադրեալները ապագայ յոյսը պիտի դառնան մեր եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորութեան
լծուած փաղանգին: Ապա, նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներն ու կիսասարկաւագները երկիւղածութեամբ
մօտեցան Վեհափառին գահուն, ու աջահամբոյրով ստացան անոր օրհնութիւնը: