2011-05-09 12:11:17

Ոգեկոչում Այնթուրայի Մէջ Թաղուած 300 Հայ Որբերու Յիշատակին։


Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ եւ Այնթուրայի 300 հայ անմեղ որբերու յիշատակին, կիրակի, 8 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ քոլեճին մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական հանդիպում մը` հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին:
Ժունիէի հայ կաթողիկէ «Սէր» միութեան անունով սիրէն Սեմերճեանի՝ բացման խօսքէն ետք Միսաք Քելեշեան Այնթուրայի որբանոցի 300 հայ որբերու ճակատագիրը բացայայտողը ներկայացուց քոլեճին պատմութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Ճեմալ փաշայի եւ Խալիտէ Էտիպի գլխաւորութեամբ հայ մանուկները թրքացման եւ իսլամացման ենթարկուեցան:
Արդարեւ նշեց Միսաք Քելեշեան, 300 հայ որբեր մահացան քոլերայի, անօթութեան եւ տանջանքի պատճառով ու թաղուեցան եկեղեցւոյ խորանին ետեւ: 1993-ին, երբ քոլեճը ընդլայնելու աշխատանքներուն պատճառով փորեցին գետինը, հոն գտան հայ որբերուն աճիւնները, որոնցմէ մաս մը հաւաքելով թաղեցին մեծաւորներու գերեզմաններուն մէջ:
2010-ին հայր Անթուան Նաքատ փոքր` 30 քառ. մեթրնոց հողաշերտ մը նուիրեց, որպէսզի հոն յուշակոթող եւ տապանաքար զետեղուի: Քելեշեան զուգահեռներ գծեց Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայերուն եւ լիբանանցիներուն կրած տանջանքներուն միջեւ: «Ո՞ւր է մայիս 6-ը այսօր, հարց տուաւ Մ. Քելեշեան, ո՞ւր է նահատակներու մեծարումը Նահատակաց հրապարակին վրայ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս շոգիացաւ Մայիս 6-ը իբրեւ Նահատակաց օր»։








All the contents on this site are copyrighted ©.