2011-05-09 12:55:52

Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի 101-րդ Նիստը։


9 - 14 Մայիս Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք Դասը Պուէնս Այրէսի մէջ կը գումարէ իր 101-րդ տարեկան նիստը, նախագահութեամբ ՝ Կարտինալ Եորկէ Պէրկոլիոյի։ Նիստը սկիզբ առաւ համապատարագով մը, որմէ ետք աշխատանքային մասը սկսաւ զանազան եպիսկոպոսական յանձնախումբերու զեկուցումներով։
Յիշեալ Նիստը պիտի անդրադառնայ նաեւ յառաջիկայ 2012ին գումարուելիք Նոր աւետարանացումի Սինոդոսին։ Եպիսկոպոսաց հաւաքը ապա պիտի տեղեկանայ Մատրիտի մէջ յառաջիկայ օգոստոսին կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ նախապատրաստական գործընթացքին։
Նշենք թէ սոյն ժողովին կը մասնակցի նաեւ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ արհիապատիւ Վարդան եպ. Պօղոսեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.