2011-05-08 11:24:51

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ
Գառնիկ Գիւզալեան (1893-1958) ։


՝՝Հայոց Հարցը քաղաքական հարց է եւ պէտք է լուծուի միայն ազգային-քաղաքական յեղափոխութեամբ՝՝։ Հայ ժողովուրդի անցեալին, ներկային եւ գալիքին համար ուղենիշ հաստատող եւ ազգային-քաղաքական մեր երթը հունաւորող այս պատգամը կը պատկանի Գառնիկ Գիւզալեանին։
1958ի Ապրիլ 8ին, շրջապտոյտով մը Աղեքսանդրիա գտնուած միջոցին, յանկարծամահ եղաւ Հայաստանի Անկախութեան սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Գառնիկ Գիւզալեան, որ սերունդներու յիշողութեան մէջ պիտի ապրի իբրեւ հայ քաղաքական մտքի ներհուն պատմաբանն ու գաղափարախօսը։
Պատմագիտական խոր պատրաստութեամբ եւ գաղափարաբանական լայն հորիզոնի տէր մտաւորական հեղինակութիւն էր Գառնիկ Գիւզալեան։ Պարբերական մամուլի էջերուն եւ առանձին հատորներով լոյս ընծայած իր ուսումնասիրութիւններով՝ ան հիմնական ներդրում ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ քաղաքական զարգացումին ազգային գաղափարաբանութիւնը մշակելու եւ հունաւորելու գործին մէջ։ Յատկապէս խորհրդային կարգերու բրտօրէն հաստատման շրջանին թափ առած պատմական նենգափոխումներու գաղափարական եւ գիտական դիմագրաւման ճակատին վրայ, Գառնիկ Գիւզալեան բառին բուն իմաստով արթուն պահակը հանդիսացաւ հայ ազգային յիշողութեան պահպանման եւ վերաթարմացման։
Գառնիկ Գիւզալեան ծնած էր 1893ին Փարպի, Արագածոտնի մարզ։ Մեծատուն Գիւզալեաններու արժանաւոր շառաւիղ էր։ Ուսանեցաւ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը եւ պատանի տարիքէն փարեցաւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն՝ Հ.Յ.Դ. աշակերտական եւ ուսանողական միութիւններու գործունէութեան աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով։

1914ին, աւարտելով Գէորգեան Ճեմարանը, Գառնիկ Գիւզալեան ամբողջութեամբ լծուեցաւ հանրային-հասարակական գործունէութեան։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան դժուարին այդ ժամանակաշրջանին, նախ Հայ Կամաւորական Շարժման ծաւալման եւ, ապա, Հայաստանի անկախութեան նուաճման ու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շինարարութեան աշխատանքներուն եռանդուն մասնակիցը դարձաւ՝ Հ.Յ.Դ. Ուսանողական Միութեան ճամբով։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք իր հերթին անցաւ Թաւրիզ, ապա՝ Պալքաններ։ Ուսումը շարունակելու նպատակով՝ հետեւեցաւ Փրակայի համալսարանի պատմագիտական ճիւղին, որմէ վկայուեցաւ 1928ին։ Փրակայի ուսման տարիները օգնեցին, որպէսզի հայ եւ ռուս ժողովուրդներու պատմութեան քաջածանօթի իր հմտութեան վրայ Գիւզալեան գումարէ նաեւ քսաներորդ դարու 20ականներու Եւրոպայի քաղաքական-գաղափարական բարդ խմորումներու մօտէն ծանօթացումը։
Այդպէ՛ս. Երկրէն բերուած եւ Եւրոպայի մէջ հարստացած իր մտաւորական պաշարով՝ Գառնիկ Գիւզալեան հիմնարար դեր կատարեց հայ քաղաքական մտքի պատմութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը քսաներորդ դարու երկրորդ քառորդին պրիսմակով ուսումնասիրելու եւ տարագիր հայութեան ներկայացնելու ճակատին վրայ։
1932-ին հրաւիրուեցաւ Պէյրութ՝ նորաբաց Համազգայինի Ճեմարանը, իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ։ Աւելի քան 25 տարի Գառնիկ Գիւզալեան գործեց Ճեմարանի մէջ, ուր պատմական գիտելիքներէ անդին՝ հայ ազգային-քաղաքական յիշողութեան էական տարրերը փոխանցեց եւ սորվեցուց տարագրութեան մէջ հասակ նետող նորահաս սերունդներուն։ Ուսուցչութեան կողքին, Գառնիկ Գիւզալեան բեղուն աշխատանք կատարեց հայ քաղաքական մտքի զարգացման հոլովոյթը ուսումնասիրելու եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ազգային-քաղաքական ու հասարակական-գաղափարական հոլովոյթը հունաւորած բախտորոշ խնդիրները լուսարձակի տակ առնելու ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.