2011-05-08 11:38:47

Եկեղեցին Նոր Սերունդէն Կը Սպասէ Երիտասարդներ Կարող Կերտելու Բարի Կեանք Մը Կ' ըսէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ։


''Աստուած չընտրեց այն ինչ որ ազնուական է եւ հզօր, այլ ինչ որ աշխարհի համար կը թուի տկար եւ յիմար'', ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ոտք դնելով Իտալիոյ ֆրիուլի Վենեցիա Ճիուլիա շրջանը, ուր Աքուիլէայի մէջ շաբաթ օրը սկիզբ տուաւ երկու օրուայ իր հովուական այցելութեան։
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ Աքուիլէայի հին թեմը, որմէ եկած են այսօրուան 57 եկեղեցական գաւառները, Իտալիոյ հիւսիս արեւելք շրջանին մէջ, ոչ միայն եղաւ հռոմէական կայսրութեան 9-րդ քաղաքը եւ չորրորդը Իտալիոյ` այլ նաեւ եղաւ ողջ եւ օրինակելի եկեղեցի մը, կարող արիութեամբ քարոզել ու տարածել Աւետարանը շրջանի բոլոր մարզերուն։
Ահա այս պատճառաւ հոս եկած եմ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, մեծարելու այս օրհնեալ հողը, բազմաթիւ նահատակ վկաներու քաջութեամբ ու արիւնով սրբացած ու պտղաբերուած։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ Աքուիլէայի նահատակ սուրբերուն որպէսզի այսօր եւս յարուցանեն Եկեղեցւոյ մէջ արի եւ Աւետարանի հաւատարիմ հետեւորդներ, նուիրուած Քրիստոսի ու այս հողի բնակիչներուն։
Կարտինալ Անճելօ Սքոլա իր բարի գալուստի ուղերձին մէջ մաղթեց որ քրիստոնեան այսօրուայ բազմամշակութային ընկերութեան մէջ, կարող ըլլայ արիութեամբ ու ամենայն պարզութեամբ հռչակել իր հաւատքը ի յայտ դնելով Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ դէմքը ու Անոր Աւետարանը։ Քրիստոնեան այսօր կանչուած է յուզել իր ընկերը վկայութեան միջոցաւ։ Այսօրուան մարդը, կանչուած անհատական ինքնութեան մը ապրումին, պէտք է յայտնաբերէ ուրախութիւնը Յիսուսի հետ կապի մէջ մտնելու եւ հետեւաբար` նաեւ ուրիշներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.