2011-05-08 11:29:18

ԵԱՀԿ-ի ԽՎ Նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիու Հայաստան Պիտի Այցելէ ։


Մայիս 9-11 նախատեսուած է ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փետրոս Էֆթիմիուի այցելութիւնը Հայաստան։
ՀՀ Ազգային Ժողովի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն հաղորդուեցաւ որ ԵԱՀԿ ԽՎ նախագահը Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ԵԱՀԿ ԽՎ-ի մէջ ԱԺ պատւիրակութեան, ինչպէս նաեւ Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։ Փեթրոս Էֆթիմիուի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.