2011-05-07 12:04:19

Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Այցելութիւնը Իտալիա։
Հաւատքի նոր լոյս մը


Շաբաթ 7 մայիս 2011ի երեկոյեան, Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութեամբ կը ժամանէ Իտալիոյ Հիւսիս Առեւելքի հարուստ շրջանը. սակայն ան կը գտնէ միջազգային տնտեսական տագնապի պատճառաւ աղքատացած շրջավայր մը։
Նորին Սրբութիւնը ֆրիուլիիի շրջանը կ՛այցելէ 1976ին տեղի ունեցած՝ ահաւոր երկրաշարժէն 35 տարի ետք։ Քահանայապետին այս այցելութեան առթիւ նախատեսուած է մասնակցութիւնը աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու, եկած՝ Վենետիկի մարզէն ինչպէս նաեւ Աւստրիայէն, Սլովենիայէն եւ Խրուաթիայէն՝ Իտալիոյ սահմանակից այս երկիրներէն։

Թրիվէնէթօ շրջանի եպիսկոպոսները Սրբազան Քահանայապետի այս այցելութենէն կը սպասեն ՜՜նոր լոյս մը՝՝ տեղական եկեղեցւոյ ճանապարհը լուսաւորող, որպէսզի կարենայ ՜՜դիմանալ պատմութեան փոթորիկներոուն եւ մարտահրաւէներուն ՝՝։ Պատգամ մը որ գերազանցէ իտալական սահմանները, եւ յառաջացնէ նահանգներու ու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն որպէսզի հաւատքի լոյսով` միասնաբար լուծումներ գտնեն ընկերային տնտեսական եւ մշակութային հարցերուն։
Քահանայապետի այս հովուական այցելութեան առթիւ, Թրիվենէթոյի եպիսկոպոսները հաստատած են թէ ՜՜Սրբազան Քահանայապետը կու գայ մեզ հաստատելու մեր հաւատքին մէջ`՝ ։

Պենետիկտոս Ժզ քահանայապետը երրորդ Պապն է որ Պողօս Զ եւ ՅՊԲ ետք կ՛այցելթէ Սէրէնիսսիման (վենետիկը)։ Իսկ պատմութեան ընթացքին վենետիկի երէք Պատրիարքներ քահանայապետ ընտրուախ լն Սուրբ Պիոս Ժ (190 - 1914), ՅՊ ԻԳ (1958-1963) եւ ՅՊ առաջինը 1978։ Թրիվենէթոյի 20 թեմերը ունին 7 իլիոն բնակչութիւն, 7095 կուսակրօն թեմական եւ կրօնական Քահանաներ` 242 սարկաւագեւ 3526 ժողովրդապետութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.