2011-05-07 12:04:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին 7-եւ 8 Մայիսին Հովուական Այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Հիւսիս-Արեւելք Թեմերուն
Աքուիլէա Եւ Վեվնետիկի Առաքելական Ճամբորդութեան յայտագիրը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Շաբաթ 7 մայիսի յետ միջօրէին՝ ժամը 15-ին, ինքնաշարժով Վատիկանէն ուղղուեցաւ դէպի Հռոմի Չիամբինօ օդակայանը, ուրկէ ժամը 15.30-ին մեկնեցաւ դէպի Կորիցիայի օդակայանը։
Օդակայանը զինք դիմաւորեցին Վենետիկի Պատրիարքը՝ Կարտինալ Անճէլօ Սգոլա, Կորիցիայի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տինօ Տէ Անթոնի, Ուտինէի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Անտրէա Պրունօ Մացցոգաթօ, ինչպէա նաեւ Իտալիոյ պետական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ։
Ապա Արբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով ուղղուեցաւ դէպի Աքուիլէա։ Աւանդութեան համաձայն Աքուիլէայի եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալը եղած է Սուրբ Մարկոս, եւ Աքուիլէայի եկեղեցին կը նկատուի Իտալիոյ Հիւսիս-Արեւելք Թեմի մայր եկեղեցին։
Սրբազան Քահանայապետին դիմաւորեցին Պազիլիքայի Րէկտորը՝ գերապայծառ Միքելէ Չէնթոմօ եւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները։
Քաղաքապետի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ողջունեց տեղւոյն բնակչութիւնը Աքուիլէայի ՜՜Գաբիթոլօ՝՝ հրապարակի վրայ։
Ժամը 17 ին Նորին Սրբութիւնը Աքուիլէայի Տաճարի մէջ կը մասնակցի Հիւսիս-Արեւելքի թեմերու՝ 2012ին՝ 13-15 ապրիլ տեղի ունենալիք եկեղեցական գիտաժողովի նախապատրաստական վերջին հանգրուանի նիստին, ներկայութեամբ՝ Իտալիոյ Թրիվէնէթօ հողամասի եւ մօտակայ շրջանի եպիսկոպոսներուն եւ Աքուիլէա մարզի թեմերու հովուական խորհուրդներուն։
Նիստին ընթացքին խօսք կ՛առնեն Կորիցիայի Արքեպիսկոպոսը՝ Գերապայծառ Տինօ Տէ Անթոնի եւ Բատօվայի արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Անթոնիօ Մաթթիացցօ որոնցմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղէ բոլոր ներկաներուն։
Այս հանդիպումէն ետք Պենետիկտոս ԺԶ ինքնաթիռով պիտի մեկնի Վենետիկ, ուր կը ժամանէ 18.45-ին եւ նաւով կը փոխադրուի Վենետիկի Սուրբ Մարկոսի գլխաւոր հրապարակը ուր զինք կը դիմաւորեն Վէնէթօ Մարզի նախագահը՝ Լուգա Ծայա, Վենետիկի ոստիկանապետը եւ քաղաքապետը, ու նաեւ Վենետիկի մարզին նախագահը։
Քաղաքապետի բարեգալուստի խօսքէն ետք, սրբազան քահանայապետը Վենետիկի բնակչութեան ճառ մը պիտի արտասանէ ու ապա ելեկտրական ինքնաշարժով պիտի ուղղուի Սուրբ Մարկոսի Պազիլիքան ուր մեծարելէ ետք Սուրբին մասունքները պիտի մտնէ Պատրիարքարան ու այնտեղ պիտի գիշերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.