2011-05-07 12:14:20

Դեսպան Վահագն Մելիքեան Իր Հաւատարմագրերը Յանձնեց Քաթարի Իշխանին։


2 մայիսին Քաթարի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիին:
Հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութենէն ետք տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին դեսպան Մելիքեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց իշխանին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-քաթարական յարաբերութիւններու զարգացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու կողմերը հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր: Կարեւոր նկատուեցաւ բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը, որ որակական նոր իրավիճակ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ: Երկկողմանի առեւտրա-տնտեսական համագործակցութեան խորացման համար դեսպանը կարեւոր նկատեց հայ-քաթարական միջկառավարական յանձնախումբի նիստի գումարումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.