2011-05-07 12:04:36

՜՜Վատիկնեան Բ Տիեզերական Ժողովը Անհասկացողութեան Ու Թիւր Մեկնաբանութեան Առարկայ Եղաւ՝՝ Ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Ծիսական Քահանայապետական հաստատութեան հիմնարկութեան 50ամեակին առթիւ, անգամ մը եւս հաստատեց թէ՝ Վատիկնեան Բ. Տիեզերական ժողովը (1962-1965) անհասկացողութեան ու թիւր մեկնաբանութեան առարկայ եղաւ, նոյնիսկ ժամանակի մասնագէտներու կողմէ , մատնանշելով որ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովը ծէսի ուղղութեամբ ոչ թէ վերանորոգում բերաւ, այլ՝ վերազարթնում։
Սրբազան Հայրը այսպէս ըսաւ իր խօսքը ուղղելով ՜՜Ծէսի՝՝ մասին գիտաժողովի մասնակցող 250 մասնագէտներու, խնդրելով անոնցմէ որ ի յայտ բերեն Ս. Հոգւոյն յարուցած առատ պտուղները այս վերջին 50 տարիներուն ընթացքին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ Եկեղեցին չէր նպատակադրեր փոփոխութեան ենթարկել ծէսը, այլ վերանորոգել Աստուծոյ ժողովուրդին մտայնութիւնը, դնելով ծիսակատարութիւնը՝ կեդրոնը քրիստոնէական կեանքին ու հովուութեան։ Դժբախտաբար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, շատ մը հովիւներուն եւ մասնագէտներուն համար, ծիսակատարութիւնը նկատուեցաւ որպէս վերանորոգումի առարկայ, եւ ոչ թէ որպէս միջոց քրիստոնէական կեանքի վերածնունդին։
Հուսկ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ շատեր կը նկատեն որ՝ աւանդութիւնը եւ յառաջդիմութիւնը իրարու ներհակ են, մինչ՝ երկու մտայղացները իրար զիրար կ'ամբողջացնեն։ Աւանդութիւնը` ողջ իրականութիւն մըն է, որ իր մէջ կը ներփակէ որոշ յառաջդիմութիւն մը։ Ասիկա հաւասար է, երբ կը հաստատենք թէ աւանդութեան գետը իր մէջ կը պարունակէ իր աղբիւրը։ Յայտնենք թէ քահանայապետական ծիսական հաստատութիւնը հիմնուեցաւ Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովին սկիզբը, երանելի Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի կողմէ, ընդառաջելու համար բարեփոխութիւններ բերելու եպիսկոպոսներու խնդրանքին, որոնք նկատի ունենալով ազգային լեզուն, աւանդութիւններն ու մշակոյթը, անհրաժեշտ կը նկատէին Աստուծոյ Ժողովուրդին գործօն մասնակցութիւնը ծիսակատարութիւններուն, առանց ծիսապաշտութեան հասնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.