2011-05-06 12:49:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 6 մայիս 2011 առաւօտեան ժամը 11-ին Վատիկանի քահանայապետական տան Գլէմէնթինա Սրահին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Սուրբ Անսէլմոս Քահանայապետական Համալսարանի 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած Համագումարի մասնակիցները թիւով 150 հոգի։
Որմէ ետք ժամը 11.30-ին՝ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Գերապայծառ Մանուէլ Մոնթէյրօ Տէ Գասդրոն Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի քարտուղարը ու ապա դարձեալ Գլէմէնթինա սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ընդունեց Զուիցերական Պահակագունդը ու 34 նոր անդամներու ընտանեկան պատագաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.