2011-05-06 12:52:40

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարուհին Հրանոյշ Յակոբեան Պոլսոյ Մէջ։


Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան 4 Մայիսի կէս գիշերին հասաւ Պոլիս որպէս հրաւիրեալ ՝՝ Համաշխարհային Կիներու Գագաթնաժողովին՝՝, որու բացումը կատարուեցաւ 5 Մայիսին։ Հիւր նախարարուհին որուն կ՝ընկերանար թրքագէտ Աշոտ Սողոմոնեան,Պոլսոյ Եշիլգիւղի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Սեւ Ծովեան Համագումարի հայաստանի Մնայուն Ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեանի եւ նորընտիր տեղակալ Վազգէն Խուբլարեանի կողմէ։
Համաշխարհային Կնոջական Համագումարը ամէն տարի կը կատարուի 1992էն ի վեր,ամէն անգամ տարբեր քաղաքի մը մէջ։ Անցեալ տարի կայացած էր Չինաստան,Պէյճինկի մէջ,եւ ամէն անգամ ալ կ՝ընտրուի մասնաւոր թէմա մը։ Համագումարին կը հրաւիրուին այն նշանաւոր կիները որոնք զանազան պաշտօններու վրայ ուշադրութիւն կը գրաւեն ամէն երկրէ ներս։
ՀՀ Սփիւռքի Նախարար մեծազնիւ տիկին Հրանոյշ Յակոբեան Պոլիս իր կեցութեան ընթացքին 8 Մայիսին,Կիրակի առաւօտ պիտի մասնակցի Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ մատուցանելի Սուրբ Պատարագին,որու աւարտին ներկայ պիտի ըլլայ, ի պատիւ իրեն սարքելի ընդունելութեան։ Այս ընդունելութեան ընթացքին Նախարարուհին Սփիւռքի Նախարարութեան շքանշաններով պիտի պարգեւատրէ Պոլսահայ բազմաթիւ ազգայիններ։
Նախարարուհին ապա մամլոյ ասուլիս մը պիտի սարքէ համայնքային մամուլի անդամներուն հետ եւ նոյն երեկոյան,այսինքն 8 Մայիսի երեկոյան պիտի վերադառնայ Հայաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.