2011-05-06 12:50:09

Համերգ Մը Ի Պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գահակալութեան 6-րդ Տարեդարձին Առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գահակալութեան 6-րդ տարեդարձին առթիւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը տիար Ճորճիօ Նափոլեթանօ ուրբաթ 5 մայիսի երեկոյան համերգ մը նուիրեց ի պատիւ Սրբազան Հօր Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Համերգին ելոյթ ունեցան Հռոմի Օփերայի նուագախումբը եւ երգչախումբը։ Համերգին յայտագիրը կը ներփակէր Վիվալտիի ''հաւատամքը'' եւ Ռոսսինիի ''Սդապադ Մադեր''ը Ցաւագին Տիրամօր շարականը։
Համերգին սկիզբը Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը բարեմաղթական խօսք մը արտասանեց ու ապա կոչ ուղղեց Եւրոպայի երկիրներուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, հիւրընկալութիւն եւ զօրակցութիւն ցոյց տալով գաղթականներու եւ փախստականներուն։ ''Ոչ մէկ երկիր, որ ինքզինք կը ճանչնայ որ մաս Եւրոպայի աւանդութեան ու քաղաքակրթութեան, կարող է իր բարօրութեան մէջ կղզիանալ, առանց ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը օգնութեան հասնելու փախստականին, ըսաւ նախագահ Ճորճօ Նափոլեթանոն։
Յայտնենք թէ եւրոպական կարգ մը երկիրներ, ֆրանսայէն սկսեալ, ջանացին արգիլել փախստականին մուտքը իրենց սահմաններէն ներս ։ Սրբազան Քահանայապետը Զատկական պատգամին մէջ, քաջալերեց ազատ երկիրները հիւրընկալելու աքսորեալներն ու փախստականները, որոնք Ափրիկէէն կու գան, անոնք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, արժանի են բոլորիս զօրակցութեան։
Իսկ համերգի աւարտին իր արտասանած ճառին մէջ, նորին սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ նախագահին իր այս նուէրին համար,՜՜ մեզի առիթ տալով, ըսաւ ան, ըմբոշխնելու գեղեցկութիւնը երաժշտութեան, իմ քահանայապետութեանս 6-րդ տարեդարձին առթիւ։
Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Օփերայի տնօրէնութեան, որոնք սքանչելի կերպով գործադրեցին գլուխ-գործոցներ՝ Վիվալտիի ''Հաւատամք''ը եւ Ռոսինիի ''Սդապադ Մադեր''ը, մեծատաղանդ երաժշտագէտներ որնցմով Իտալիան, որ կը տօնախմբէ իր միութեան 150ամեակը, պէտք է հպարտ ըլլայ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց երկու վարպետներու կողմէ գործադրուած կտորներէն ''կը հաւատամ'' եւ ''ամէն'' բառերուն նշանակութիւնը։
Հուսկ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. սիրեցեալ բարեկամբներ, յոյսով եմ որ այս գիշեր մեր լսած այս երաժշտական կտորները, աճեցուցին ձեր հաւատքը, կրկին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին, Հռոմի Օփերային եւ կազմակերպիչներուն եւ բոլորէն կը խնդրեմ ՜՜աղօթք ՝՝ լաւագոյնս կատարելու իմ առաքելութիւնը Տիրոջ այգիին մէջ։ Ամենաբարին Աստուած թող շարունակէ օրհնել ամէնքդ եւ ձեր սիրելիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.