2011-05-06 12:51:39

34 Զուիցերացի Նոր Պահակներու Երդման Արարողութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը՝ Նոր Պահակներուն։


Ինչպէս ամէն տարի,այս տարի եւս 6 Մայիսին(այսօր) տեղի ունեցաւ Պապական Զուիցերացի Պահակազօրքի նոր զինուորագրուողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ 34 նոր զինուորներէն 28-ը գերմանախօս է,երեքը ֆրանսախօս ,երկուքը իտալախօս, իսկ մէկը Լատին,բոլորն ալ կաթողիկէ եւ Զուիցերացի,քանի որ անհրաժեշտ են այս տարրերը կարենալ մաս կազմելու համար Քահանայապետի Զուիցերական Պահակազօրքին։ Այսօր Վատիկանի Սուրբ Տամասոսի անուան բակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւնը ,ի ներկայութեան Կարտինալներու,Հռոմի Պապական Վարչակազմին եւ շուրջ 3 հազար հիւրերու,մեծ մասը զինուորագրուողներու ծնողները ու ընտանեկան պարագաները,որոնց իր յատուկ ողջռյնի խօսքը արդէն ուղղած էր Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 4 Մայիսին, Չորեքշաբթի օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին։

1527ի 6 Մայիսին Զուիցերացի պահակներու մեծամասնութիւնը իրենց կեանքը զոհեցին Կղեմէս Է.ի կեանքը ազատելու համար։ 147 Զուիցերացի զինուորներ ինկան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ու նաեւ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ ,իրենցմէ շատ աւելի հզօր թշնամի ուժերու դէմ կռուելով ։ Հաւատարիմ պահակները ոչ մէկ յոյս ունէին յաղթելու,բայց անոնք հնարաւորութիւն ընծայեցին Կղեմէս Է.Պապին իր 42 պահակներով ապաստանելու մօտակայ Castel S.Angelo Դղեակը,որը(Դղեակը) պարիսպներու վրայէն անցող նեղ եւ գաղտի ճամբով մը կապուած է Սուրբ Պետրոս Տաճարին։ Յաւիտենական քաղաքի այս գրաւումը ու կողոպուտը թշնամիին կողմէ պատմութեան անցած է ՝՝Sacco di Roma՝՝ ըլլալով, այսինքն ՝՝Հռոմի Թալանը՝՝ անունով։

Նշենք որ ով որ Պապական Զինուորական ծառայութեան մէջ կը մտնէ,պարտաւոր է զայն կատարելու գէթ երկու տարի։

Երդման արարողութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Զուիցերական Պահակազօրքի անդամներուն ,ըսաւ ՝՝այսօրուայ այս արարողութիւնը եւ ձեր ծնողներու ,ազգականներու ու բարեկամներու հոս ներկայութիւնը կ՝արտայայտէ ոչ միայն զուիցերացի բազմաթիւ կաթողիկէեներու կապը Սուրբ Աթոռին,այլ նաեւ ուսուցումը,բարոյական կրթութիւնը,եւ բարի օիրնակը որոնց միջոցաւ ծնողները իրենց զաւակներուն փոխանցեցին քրիստոնէական հաւատքը ու անշահախնդիր ծառայութեան նշանակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.