2011-05-05 13:45:59

Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եզական Որոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին։


Երէկ 4 Մայիս Ֆրանսայի ծերակոյտը քանի մը ժամ տեւած բուռն քննարկումներէ ետք ի վերջոյ ո՛չ մերժեց, ո՛չ ալ հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ։ֆրանսայի Արդարադատութեան նախարար Միշել Մարսիէն նշեց, թէ օրինագիծը պիտի յանձնէ իրաւաբաններու, որպէսզի անոնք ներկայիս ի զօրու ֆրանսական օրէնքներու միջոցաւ կարենան կազմակերպել ֆրանսահայերու իրաւանց պաշտպանութիւնը՝ նկատի ունենալով անոնց ծագումը՝ իբրեւ Ցեղասպանութենէն տուժածներ: Ան յիշեցուց, թէ Ֆրանսա արդէն իսկ 2001ին հաստատած էր Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Նշենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը 12 հոկտեմբեր 2006-ին որդեգրած էր օրինագիծը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումին համար սահմանած էր մէկ տարուան բանտարկութեան եւ 45 հազար Էուրօ տուգանքի պատիժ մը:
Յիշեցնենք թէ 4 Մայիսի բանաձեւը առաջարկուած էր ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.