2011-05-05 13:40:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի 5 մայիս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Իսկ յետ միջօրէին՝ Սրբազան Քահանայապետը ներկայ կը գտնուի համերգի մը շնորհուած Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` Ճորճիօ Նաբոլիթանոյի կողմէ, Սրբազան Հօր գահակալութեան 6-րդ տարեդարձին առթիւ, Համերգը տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի Պօղոս 6-րդի անուան սրահին մէջ։
Ելոյթ կ՝ունենան Հռոմի Օփերայի նուագախումբը եւ երգչախումբը։
Համերգին յայտագիրը կը ներփակէ գործադրութիւնը Անթոնիօ Վիվալտիի ''հաւատամքը'' եւ Ճագոմօ Ռոսսինիի ''Սդաբադ Մադեր''ը` Ցաւագին Տիրամօր շարականը։








All the contents on this site are copyrighted ©.