Պին Լատէնի Սպպանութիւնը, եւ Համաս-Ալ ֆաթահ ու Պաղեստինեան Կազմակերպութիւններու Հաշտութեան
Համաձայնագիրը՝Գահիրէի Մէջ
Փաքիստանեան պաշտօնական շրջանակներ Ալ-Քայիտայի ղեկավար Ուզամա Պըն Լատենի սպաննութեան
հարցով զիրար հակասող յայտարարութիւններ կատարեցին: Փաքիստանի վարչապետ Ալի Զարտարի
յայտարարեց, որ իր երկիրը չէ մասնակցած Պին Լատենի սպանութեան ամերիկեան զինուորական
գործողութեան` աւելցնելով, որ փաքիստանեան իշխանութիւնները անոր թաքնուած վայրէն տեղեակ
չէին: Բայց Ուաշինկթընի մէջ Փաքիստանի դեսպան Հասան Հաքանի` հակասելով Փաքիստանի վարչապետի
յայտարարութեան, յայտնեց, որ իր երկիրը օժանդակած է Պըն Լատենի թաքստոցի յայտնաբերման
աշխատանքին: Միւս կողմէ, «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով
«Սի. Այ. Էյ.»էն աղբիւներ, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչները
կ՛ենթադրեն, որ Պին Լատեն իր մահէն առաջ ձգած է ուղերձ մը, որ շուտով պիտի հրապարակուի:
Սակայն տակաւին յայտնի չէ, թէ անիկա ձայների՞զ մըն է, թէ՞ տեսաերիզ մը:
Իսկ այսօր
Գահիրէի մէջ Միջ-Պաղեստինեան Հաշտութեան Պաշտօնական Հաւաքը կը Կայանայ։ Պաղեստինեան
բոլոր հատուածները երէկ Գահիրէի մէջ ստորագրեցին միջ-պաղեստինեան հաշտութեան փաստաթուղթը:
Ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ
Մաշաալի եւ Ալ-Ֆաթահի պատուիրակութեան ղեկավար Ազզամ Ահմատի: Այսօր Եգիպտական գաղտնի
սպասարկութեան կեդրոնատեղիին մէջ համաձայնութեան ստորագրութեան առիթով տեղի կ՝ունենայ
պաշտօնական հաւաք մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ
Մահմուտ Ապպաս: Համաս շարժումէն պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան
յայտնեցին, որ Համաս,Ալ- Ֆաթահ շարժումին հետ նոր կառավարութիւն մը կազմելէ ետք եւս պիտի
յարգէ Իսրայէլի հետ ոչ պաշտօնական զինադուլը: