2011-05-04 12:32:34

Լուրեր Հայ Եկեղեցիէն


Սրբուհի Աննայի Անուան Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Արարողութիւն։
Երեւանի մէջ, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, եւ ներկայութեամբ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի , տեղի ունեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ տարածքը կառուցուող Սրբուհի Աննայի անուան նուիրուած Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկոսի երեւանեան նստավայրի հիմնարկէքի արարողութիւնը, որ կ՝իրականանայ շնորհիւ բարերարներ Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Աննա Հովնանեաններու։ Այս առթիւ Արշակ Սրբազանը ընթերցեց հիմնարկէքի առիթով կազմուած յիշատակարանը։ Աւարտին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ծանօթացաւ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՜՜Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամի՝՝ Նոր Յատկացումները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ կը գործէ «Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամ»ը: Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ յանձնախումբ մը կը ճշդէ տարեկան յատկացումները եւ կը հետեւի հիմնադրամի զանազան աշխատանքներուն: 2011 տարուան համար հիմնադրամը 184 հազար տոլարի յատկացում մը կատարեց հրատարակչական աշխատանքներուն, համալսարանական կրթաթոշակներուն, դպրեվանքին, Ղարաբաղի մէջ շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող «Նոր Կիլիկիա» գիւղին, Հայ դատի աշխատանքներուն եւ հայագիտական նիւթերու, երաժշտական ու ասմունքի մրցանակներուն: Յայտնենք, որ հիմնադրամը ամէն տարի հայ կեանքի զանազան մարզերուն առնչուած կարիքներու գծով յատկացումներ կը կատարէ` միշտ նկատի ունենալով առաջնահերթութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.