2011-05-04 12:16:04

Ժընեւի Մէջ Նախագահ Սարգիսեան Կը Քննադատէ Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Բաժանում Յառաջացնելու Թուրքիոյ Ջանքերը։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան աշխարհի պետութիւններուն կոչ ուղղեց հետեւելու Զուիցերիոյ օրինակին եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Պաշտօնական այցելութեամբ Զուիցերիա գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու լուծման հոլովոյթին եւ անոր մէջ Զուիցերիոյ իրականացուցած միջնորդական դերին:
«Մեր փափաքն էր Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ հաստատել: Դժբախտաբար, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պատասխանատուները ամէն ինչ կ՛ընեն այդ փափաքը օտարելու համար», Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն ,այսպէս յայտնեց նախագահ Սարգսեան: Ըստ անոր, ստորագրուած արձանագրութիւններուն վաւերացման ուղղութեամբ քայլեր կատարելու փոխարէն` Թուրքիա միջազգային բարձր ամպիոններէն կը շարունակէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ բաժանումի անհեռանկար ջանքերը: «Եւ որքան շարունակուին այդ ջանքերը, այնքան պիտի նուազի լուծման հոլովոյթին նկատմամբ մեր վստահութեան` առանց ատոր ալ նուազագոյնի հասած պաշարը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Զարմանք յայտնելով, որ Թուրքիոյ մէջ չեն գիտակցիր, որ Ցեղասպանութեան իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած Սփիւռքը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անբաժան մէկ մասն է, նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման առաջին իսկ օրէն սփիւռքը գործով ապացուցեց, որ հայրենիքի յառաջընթացը իր գերագոյն երազանքն է:
«Սփիւռքահայերը աշխարհով մէկ սփռուած Հայաստանի դեսպաններն են, ինչպէս Զուիցերիոյ մէջ մեր դեսպան աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրը, իսկ շատերն ալ կը գործեն հոգիի կանչով եւ հասարակական հիմունքներով: Ըլլալով իրենց ապաստան տուած երկիրներու արժանաւոր քաղաքացիները, անոնք կրնան իրենց ներդրումը բերել նաեւ մեր երկրին յառաջխաղացման եւ զարգացման», յայտնեց Հայաստանի նախագահը եւ աւելցուց, որ «սփիւռքը մեր հպարտութիւնն է, մեր ուժն է»:
Անդրադառնալով Զուիցերիոյ միջնորդական առաքելութեան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ` նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ ատիկա լաւագոյնս կը փաստէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը միայն ներկայիս բացասական շղարշ կը ձգէ Թուրքիոյ եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու յարաբերութիւններուն վրայ:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի, ցեղասպանութեան ճանաչումով Զուիցերիա դատապարտեց մարդկութեան դէմ այդ զարհուրելի ոճիրը եւ անով իսկ արդարութեան, պատմական անհերքելի փաստերու եւ մարդկային իրաւունքներու գերակայութեան համահունչ յաղթանակ տարաւ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմատնտեսական բոլոր նկատառումներուն նկատմամբ: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ ամէնէն էականը այն է, որ ատիկա բոլորովին չխանգարեց նոյն Զուիցերիոյ կարճ ժամանակ ետք սատար կանգնելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ Զուիցերիոյ օրինակը այս առումով լաւագոյնն է եւ պէտք է ուսանելի դառնայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.