2011-05-04 12:04:21

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։Աւետիս Ահարոնեան
(1866-1948).


Անցեալ ապրիլ 20ին ոգեկոչեցինք մահուան տարելիցը՝ հայ ժողովուրդի Ազատութեան Ճանապարհին թափուած ծով- արեան անմահ երգիչին,Աւետիս Ահարանոնեանի։

Իրաւամբ Հայոց վիշտին եւ ցասումին, վրէժին ու հաւատքին մեծատաղանդ պատգամաբերը հանդիսացաւ Աւետիս Ահարոնեան, որ 63 տարի առաջ, 1948ի՝ 20 Ապրիլին առ յաւէտ փակեց իր աչքերը տարագրութեան մէջ՝ֆրանսա։

Դժբախտ վախճան մը ունեցաւ հայ գրականութեան՝՝Թուխ Արամազդը՝՝ ինչպէս որ Զապէլ Եսայեան պերճախօս կերպով բնութագրած է Ահարոնեանի տեղը հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։ ՝՝Ազատութեան Ճանապարհին՝՝ նուիրուած անզուգական պատմուածքներու հեղինակն ու հայ ազային-քաղաքական հաւատաւոր ու բոլորանուէր գործիչը իր կեանքի վերջին 14 տարիները անցուց գրեթէ անկենդան, գամուած մահամերձի սնարին։ Ուղեղի կաթուածը բառացիօրէն տապալեց Մեծ Հայուն, 11 Փետրուար 1934ին, երբ Մարսէյլի մէջ՝՝Համազային՝՝ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, Ահարոնեան կը փոխանցէր օրուան պատգամը հայ մշակոյթին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան մասին։

4 Յունուար 1866ին ծնած էր Իգդիրմաւա (Իգդիրի իւղերէն) ապրող դարբին Առաքել Ահարոնեանի որդի Աւետիսը, որուն մայրը՝ Զարդար գիւղի միակ կարդալ-գրել գիտցող կինն էր։ Հօր վաղահաս մահուան (1878) հետեւանքով՝ Ահարոնեան կարճ ժամանակով ստիպուեցաւ ընդհատել Իգդիրի նախակրթարանէն ներս իր ուսումը եւ անցաւ աշխատանքի, բայց ուսումնատենչ պատանիին ընդունակութեանց քաջածանօթ տնօրէնը՝ Դաւիթ Քալանթար միջնորդեց եւ իր հոգատարութեան տակ որբը, ոչ միայն Իգդիրի նախակրթարան վերադարձուց Ահարոնեանին, այլեւ օգնեց, որ շնորհալի պատանին ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան։ Ճեմարանի յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցան Ահարոնեանի միտքն ու հոգին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ, այնուհետեւ, Ահարոնեան գրողին եւ ազգային-քաղաքական գործիչին ողջ կեանքը։

Համայն հայութեան միտքն ու սիրտը առինքնող հեղինակութիւնը դարձաւ Ահարոնեան ոչ միայն իր գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութեամբ, այլեւ ազգային-հասարակական եռուն գործունէութեամբ։
Համազգային պատասխանատուութեան զգացումով միշտ գործեց եւ ամէնուրէք դրօշակիրը եղաւ հայ ժողովուրդի հիմնական շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Իբրեւ բոլորին կողմէ ընդունուած անվիճելի հեղինակութիւն՝ Ահարոնեան իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ թէ՛ Դաշնակցութեան, թէ՛ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժումը յուզող, փոթորկող եւ պառակտման վտանգին տակ դնող տարակարծութեանց եւ հակադրութեանց հաւասարակշռուած հանգուցա-լուծումին մէջ՝ աւելիով միասնական եւ հաստատակամ Մեր Երթը շարունակելու հիմք ստեղծելով։
Ահարոնեան օժտուած էր ներքին մի-ասնութիւն առաջացնելու եւ արմատաւորելու բացառիկ ընդունակութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.