2011-05-04 12:31:44

Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլիին Ճառը Վատիկանի Մէջ Համախմբուած՝ ՜՜blogger՝՝ ներուն։


Մայիս 2-ին` ՅՊԲ.ի երանացման արարողութեան յաջորդ օրը , նախաձեռնութեամբ՝ Քահանայապետական Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Խորհուրդին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ՜՜ blogger՝՝ ներու հետ բացառիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան ընկերային հաղորդամիջոցներու ծիրէն ներս Վատիկանի ծրագրած՝ նոր ձեռնարկները։ Հանդիպման մասնակցեցան ի մէջ այլոց՝ Վատիկանի Ձայնասփիւռի Տնօրէնը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, եւ Քահանայապետական Ընկերային հաղորդամիջոցներու խորհուրդի նախագահը՝ Գերապայծառ Գլաուտիօ Չելլին որ հանդիպումին բացումը կատարելով, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ապա իր խօսքը կեդրոնացուց այս բացառիկ հանդիպումի վրայ ՜՜որ մեզի համար - ըսաւ ան - կը ներկայացնէ գիտակցութիւնը blog-ային միջոցներու գործածութեան կարեւորութեան այսօրուայ իրողութեան մէջ՝՝։ Այսօր հոս կը գտնուինք հանդիպելու իրարու ու միասին զրուցելու համար, եւ ( ինչու չէ) բարեկամական եւ ընտանեկան մթնոլորտը հաստատելու։ Կաթողիկէ blogger- ներու այսօրուայ հաւաքը լոկ հանդիպում մը չէ, այլ համապատասխանելով՝ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին հրաւէրին, մեր փափաքն է ստեղծել յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութիւն մը։ Յարգանք ուրիշին համոզումներուն, մեկնելով մեր Քրիստոսի պատկանելիութեան գիտակցութենէն։ Հեռանկար մը որ կը ներկայացնէ Հաւատքի եւ նորանոր մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.