2011-05-03 13:52:42

Հալէպի Առաքելական Տեղապահը Իր Մտավախութիւնը Կը Յայտնէ Երկրին Անկայունութեան Ի Տես։


Պէտք Չէ Վտանգել Սուրիացի Երկու Միլիոն Քրիստոնեաներու Կեանքը։
Սուրիոյ նախագահը՝ Պաշար ալ Ասատ ստանձնեց պարտականութիւնը, սրբագրելու անցեալի սխալները, սակայն զայն իրագործելու համար կարիքը ունի ժամանակի, այսպէս յայտարարած է Հալէպի առաքելական տեղապահը գերապայծառ Նածարօ, ընդգծելով թէ ներկայ խռովութիւնները կարող են անկայունութեան մատնել երկրիրը, որ մինչեւ օրս որպէս օրինակ նկատուած է միջհամայնքային համակեցութեան։
Սուրիական վարչաձեւը դատելու համար, հարկաւոր է նկատի առնել ցայժմ կատարուած տնտեսական նուաճումները, որ աւելի քան դրական են։ Հալէպի մարզին մէջ, նշանակալից ոչ մէկ ցոյց տեղի ունեցած է եւ ոչ ալ վրդովումներ։ Ճամբան կը նշմարենք որ բազմաթիւ նոր ինքնաշարժներ կը շրջին, ապացոյց՝ թէ Սուրիան Միջին Արեւելքի այն երկիրներէն մէկն է, ուր լաւագոյնս կ'ապրուի, հաստատած է գերապայծառ Նածարօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.