2011-05-02 13:22:55

Մայիս Ամիսը Նուիրուած՝ Աստուածածին Սուրբ Կոյս Մարիամի


Ինչպէս ամէն Տարի մայիս ամսուայ ընթացքին, որ նուիրուած է Տիրամօր, եկեղեցիներու մէջ կը կազմակերպուին աղօթքի հանդիպումներ, մեծարելու փրկչին ու մեր մայրը եւ խնդրելու անոր բարեխօսութիւնը ։ Դարեր շարունակ Տիրամայրը մեծ դեր ունեցած է եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ։ Ան շատ անգամ հանդիսացած է Աստուծոյ պատգամաբերը ։ Իր տարբեր երեւումներով Տիրամայրը մեզ ուղղած է դէպի լոյսը որ է Յիսուս Քրիստոս։
Ո՜վ կարող է առաւել կերպով գթալ ու սիրել քան մայրական սիրտը։
Երանելի ՅՊԲ. եւս, Աստուածամօր հանդէպ ունէր մեծ ջերմեռանդութիւն։
Ան իր քահանայապետութիւնը ընծայած էր սուրբ կոյս մարիամին, ընտրելով կարճ ու յստակ նշանաբան մը ՜՜Totus Tuus - Ամբողջովին Քուկդ ՝՝ եւ իր քահանայապետական զինանշանին վրայ զետեղելով Փրկչի Մօր սկզբնատառը։
2011-ի Մայիսեան ամսուայ ընթացքին, կը ներկայացնենք Երանելի ՅՊԲ քահանայապետի Տիրամօր նուիրուած ամենագեղեցիկ աղօթքներէն մի քանին <<Աղօթքներ առ Տիրամայր>> խորագրով։
Ամբողջովին Քոնը
Սէր Աստուած մեր
Շնորհիր քո հաւատացեալներին
Մարմնի եւ Հոգու առողջութիւն
Եւ միշտ Կոյս Մարիամի փառաւոր բարեխօսութեամբ
Փրկիր մեզ այս տրտմեցնող չարից եւ առաջնորդիր մեզ դէպի անվերջանալի փառք. Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.