2011-05-02 13:24:23

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Յայտարարութիւնը Ի Լուր Պին Լատընի Մահուան։


Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, ի լուր Պին Լատընի սպաննութեան ,Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի ` Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի տնօրէնը եւ Ռատիօ Վատիկանի Ընդհանուր Տնօրէնը սա պէս արտայայտուեցաւ << Պին Լատինը (ինչպէս գիտենք) ունեցաւ խիստ մեծ պատախանատուութիւն ամենուրէք տարածելով բաժանում եւ ատելութիւն, պատճառ դառնալով նաեւ շատ մը անմեղներու մահուան շահագործելով միաժամանակ կրօնքը իր կէտնպատակի համար։

Մարդու մահուան դիմաց քրիստոնայ մը չի կրնար ուրախանալ, այլ կը խորհրդածէ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ իւրաքանչիւր անձի պատասխանատուութեան մասին, եւ կը յուսայ ու յանձնառութեամբ կ՛աշխատի որ ամէն եղելութիւն չի դառնայ ատելութեան աճումի դրդապատճառ այլ առիթ՝ խաղաղութեան ամրապնդումին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.