2011-05-01 12:57:00

Իտալիոյ ՝՝Բուլիա՝՝ Նահանգի 60 Ծաղկավաճառները կը Զարդարեն Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը ու Հրապարակ Տանող Երկար Պողոտան՝ ՅՊԲ.ի Երանացման Արարողութեան Առթիւ։


Շուրջ 60 Բուլիացի այսինքն Իտալիոյ Բուլիա նահանգի շուրջ 60 ծաղկավաճառները այս օրերուն աշխատեցան իրականացնելով ծաղկային գեղեցիկ բաղադրութիւններ, որոնք այժմ կը զարդարեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակը ու նաեւ հրապարակ տանող Վիա Գոնչիլիացիոնէ պողոտան 1 եւ 2 Մայիսի համար, յորում տեղի ունեցաւ ՅՊԲ.ի Երանացման Արարողութիւնը 1 Մայիսին,իսկ 2 Մայիսին Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի գլխաւորութեամբ Պետական Քարտուղար Թարչիզիօ Պերթոնէ-ի,նուիրուած Նոր Երանելիին։ Բուլիա Նահանգի այս նախաձեռնութեան բերած է նաեւ իր նիւթական օժանդակութիւնը Պարի քաղաքի Առեւտրական Գրասենեակը։ Այսպէս շուրջ 75 հազար գոյնզգոյն ծաղիկներ(տարբեր տեսակի) արդէն ստեղծած են գարնանային գեղեցիկ մթնոլորտ մը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ եւ Վիա Գոնչիլիացիոնէ պողոտայի երկայնքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.