2011-04-30 13:15:40

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ճառը Եւրոմիութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի կազմակերպութեան` 150 անդամներուն։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով Եւրոմիութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի կազմակերպութեան` 150 անդամները ըսաւ թէ Ս. Աթոռը գիտակից է հաղորդակցութեան միջոցներու արտակարգ զօրութեան, անհատի եւ ընկերութեան վրայ։ Կարող ենք հաստատել ըսաւ Սրբազան Հայրը, թէ՝ Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը սկսեալ Պիոս ԺԲ Քահանայապետէն հաղորդուած են թեխնիքական այս նոր միջոցներով նպաստելու համար երկխօսութիւնը մարդոց միջեւ, ծառայելու մարդկային հասարակութեան եւ նպաստելու ընկերութեան աճումին ու խաղաղութեան։
Ձեզմէ իւրաքանչիւրը գիտակից է թէ ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու զարգացումներուն ետին կան դժուարութիւններ եւ վտանգներ։ Եկեղեցւոյ համար էական է յարգանքը մարդկային կեանքին, ընտանիքի հաստատութեան պաշտպանութիւնը, ժողովուրդներու իրաւունքերու ճանաչումն ու յարգանքը եւ պայքարը սովի դէմ, պաշտպանութիւնը գաղթականներու, գործազուրկերու, կրօնական ազատութեան եւ հետապնդումը խաղաղութեան հաստատումին հոն կայ ընդհարում։ Այս նիւթերու մասին գրած եմ ''Ճշմարտութիւնը Սիրոյ մէջ'' ընկերային շրջաբերական թուղթիս մէջ։ Հարկաւոր է ուղղիղ եւ հաւասարակշիռ տեղեկութիւններ տալ լաւագոյն լուծումներու յանգելու համար։ Այս է պարտականութիւնը Ռատիոյին եւ հեռուստատեսիլին։ Պարտականութիւն մը որ կը պահանջէ պարկեշտութիւն ու յարգանք։ Ասիկա կ'ենթադրէ համբերութիւն առօրեայ փնտռտուքի մէջ, մատնանշելու կեանքի արժէքները ու լաւագոյնս ուղղելու ընկերութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.