2011-04-30 13:15:56

''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Երանացումը Պատմական Աննախընթաց Դէպք Մը''


''Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացումը պատմական աննախընթաց դէպք մը'' այսպէս կը վերնագրէ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ` Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը իր առաջին էջին վրայ, ընդգծելով թէ՝ վերջին տասը դարերուն ոչ մէկ քահանայապետ խորաններու պատւոյն արժանացաւ իր յաջորդին կողմէ։ ''Օրինակելի Կեանք'' խմբագրանին մէջ, օրաթերթին տնօրէնը իտալացի պատմաբան Ճիան Մարիա Վիան կը մատնանշէ լեհ Քահանայապետին տիպար կեանքը Աստուծոյ ի սպաս։ Շատեր` քրիստոնեայ եւ ոչ, Քարոլ Վոյթիուայի մէջ տեսան Աստուծոյ ճշմարիտ ծառայ մը, Քրիստոսի համոզուած վկայ մը, իր երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ վերջին շունչը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հանդիսապետութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Ուրբաթ 29 ապրիլին՝ երանացումէն 2 օր առաջ, ՅՊԲ.ի աճիւնները, գետնադաբանէն տեղափոխուեցան Ս. Պետրոս Տաճար ուր ցուցադրուած կը մնայ մինչեւ երկուշաբթի 2 մայիս, կարելիութիւն տալու համար ուխտաւորներուն յարգանքի տուրք եւ աղօթք մատուցելու նոր երանելիին։ Ապա երկուշաբթի երեկոյեան կը զետեղուի սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գտնուած՝ սուրբ Սեպասդեանի մատրան մէջ։
Կարտինալ Ամաթօ կառավարիչը սուրբերու դատին, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման ժամանակամիջոցը արագ անցաւ երկու պատճառներով. առաջինը այն է թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արտօնեց անոր սրբադասման դատը շուտով սկսիլ, առանց յարգելու հինգ տարուայ պայմանաժամը, իսկ երկրորդ՝ եւ կարեւոր պատճառը անոր կատարած հրաշքն է ֆրանսացի Մարի Սիմոն Բիեռ կրօնաւորուհիին, որ խնդրած էր ՅՊԲ բարեխօսութիւնը ու ազատած անբուժելի հիւանդութենէ մը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 14-յունուարին վաւերացնելով հրապարակումը այդ հրաշքին, ճամբայ բացաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման։ Որպէսզի լեհ Քահանայապետը սրբադասուի, հարկաւոր է երկրորդ հրաշք մը։
Նշենք թէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացումը աւելի արագ եղաւ քան Մայր Թերեզայինը որ տեղի ունեցաւ իր մահէն 6 տարի եւ 29 օր ետք։
ՅՊԲ իր քահանայապետութեան տարիներուն հռչակած է 1300 երանելիներ ու աւելի քան 480 նոր սուրբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.