2011-04-30 22:45:28

Հռոմի տեղապահ կարտինալ Օգոստինոս Վալլինիի բացման խօսքը Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման Աղօթքի հսկումի սկիզբը։


Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր
Աստուածային նախախնամութիւնը այս գիշեր մեզի կը պարգեւէ շնորհքի եւ լոյսի մեծ փորձառութիւն մը։ Մարեմեան աղօթքի հսկումով կ'ուզենք արժանապէս պատրաստուիլ Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ- երանացման ծիսակատարութեան։
Անոր մահէն 6 տարի ետք տակաւին ողջ է անոր յիշատակը Եկեղեցւոյ ու աշխարհի մէջ։ Սիրեցեալ Քահանայապետին հանդէպ ունինք սէր, գորով, մեծ հիացում ու երախտագիտութիւն։ Անոր կեանքէն ամէնէն առաջ կը յիշենք անոր հաւատքի վկայութիւնը, որուն ականատես եղան ամէն ազգէ միլիոնաւոր մարդիկ։
Ան ապրեցաւ Աստուծոյ համար, ինքզինք բոլորանուէր ըրաւ Եկեղեցւոյ ի սպաս։ Անոր մեծ իղձն է ''այլ ոմն Քրիստոս'' դառնալ։
Քրիստոս եղաւ իմաստն ու կէտնպատակը իր կեանքին։ Քրիստոսէն կը գաղէր զօրութիւն ու լիութիւն։ Ահա այս պատճառաւ օրուան մեծ մասը կ'անցնէր աղօթքով։ Մենք ամէնքս, ըսաւ կարտինալ Վալլինի, սքանչացած մնացինք թէ ինչպէս ցաւն ու տառապանքը հեզութեամբ դիմագրաւեց։
Ան եղաւ ականտես վկան 20-րդ դարու մեծ գաղափարախօսութիւններու ողբերգութիւններու։ Մեծ պաշտպանը հանդիսացաւ մարդու եւ այդ պատճառաւ պետութիւնները ու միջազգային հաստատութիւնները մեծապէս երախտապարտ եղան արդարութեան ու խաղաղութեան տուած պատգամներուն համար։
Առաջին շրջաբերական թուղթին մէջ գրեց. մարդը առանց սիրոյ կարող չէ ապրիլ, Փրկիչ Քրիստոսը լիովին կը յայտնէ մարդը մարդու։ Իր քահանաղապետութիւնը սկսաւ այս նշանաւոր բառերով. ''մի վախնաք, բացէք, այլ լայն բացէք ձեր դռները Քրիստոսի։ Միայն Քրիստոս կը ճանչնայ մարդու սիրտը։ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին համար Աստուծոյ սէրը անբաժան է մարդու սէրէն ու փրկութենէն։
Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը հաստատուած Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետէն, ունին որպէս կէտնպատակ դարձնել երիտասարդներ ռահվիրանները իրենց ապագային, դառնալով կերտիչները պատմութեան։ Երիտասարդները, կ'ըսէր ան, Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան հարստութիւնն են եւ կը հրաւիրէր զանոնք պատրաստուիլ իրենց նախըմտրութիւնը կատարելու ու վստահութեամբ դիմագրաւել ապագան վստահելով իրենց կարողութեան ու հետեւելով Քրիստոսի ու Աւետարանին։
Հուսկ Կարտինալ Վալլինի մատնանշեց թէ ամէնքս գիտենք Սրբազան Քահանայապետին իւրայատուկ սէրն ու բարեպաշտութիւնը Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի հանդէպ։ Անոր Քահանայապետութեան ծինանշան էր ''Թոտուս Դուուս''ուղղուած Քրիստոսի Ս. Կոյս Մարիամի միջոցաւ։ Յովհաննէս Աւետարանիչի նման Յովհաննէս Պօղոս Բ ուզեց որ Տիրամայրը միշտ իր քովը մնայ, ու մասնակից դառնալ իր կեանքին ու առաքելութեան։
Կարտինալ Վալլինիի իր խորհդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Սիրեցեալ Քահանայապետին յիշատակը` յոյսի մարգարէն, պէտք չէ նշանակել մեզի համար դարձ մը դէպի անցեալը, այլ իւրացնելով անոր մարդկային ու հոգեւոր ժառանգութիւնը, ըլլայ խթան մը յառաջ երթալու։ 2000 յոբելեանին ուղղած պատգամին մէջ ան կը գրէր.. Յոյսով յառաջ երթանք, նոր հազարամեայ մը կը բացուի յաչս Եկեղեցւոյ, վստահելով Աստուծոյ օգնութեան վրայ։ Ս. Կոյս Մարիամը` ԵկեղեցւոյՄայրը, որ այժմ կը հայցենք վարդարանի աղօթքով, այնքան սիրելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, օգնէ մեզի, ամէն կացութեան մէջ, ըլլալու վկաները Քրիստոսի եւ քարոզիչները Աստուծոյ սիրոյն աշխարհի մէջ։ ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.