2011-04-30 13:10:41

Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Եւ Հայերը՝


Հայասէր Քահանայապետի Երանացման Առիթով։
Իր քահանայապետութեան 26 տարիներու հոլովոյթին, հայասէր ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցաւ հայերու ու հայ ազգի եկեղեցական ու քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ, այցելեց Հայաստանը ու հանդիպում ունեցաւ հայկական գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ, իր օրհնութիւնը տուաւ ու սրտի խօսքը արտասանեց եւ՝ ((նոյնիսկ հայերէնով շնորհաւորեց մեր տօները (Զատիկն ու Ծնունդը)) ու նաեւ կատարեց կարեւոր յայտարարութիւններ.
Ահաւասիկ անոնցմէ մի քանին.......

13 Փետրուար 1981¨ին, ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհած էր ֆրանսահայ մշակոյթի ու աւանդութեանց ազգային պահպանումի ներկայացուցիչներուն, անոնց ուղղելով իր խօսքը ի մէջ այլոց ըսած էր. « Ձեր հայկական մշակոյթի պահպանման գործին մէջ, Հաստատ մնացէք, պահեցէք զանոնք յարատեւութեամբ, իմաստութեամբ եւ հաւատքով, որոնք կը բնորոշեն ձեր ժողովուրդը»։

8 Հոկտեմբեր 1982¨ին, ՅՊԲ հայ առաքելական եկեղեցւոյ նորընտիր Պատրիարքին յղած էր շնորհաւորական պատգամ մը։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրած էր.«Այս առաքելական եկեղեցին միշտ վերապահած է նախապատուական իր յատուկ տեղը հայ եկեղեցւոյ մէջ»։

7 Օգոստոս 1984¨ին, ՅՊԲ Այցելեց Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնը, անոր հարիւրարամեայ յոբելեանի առթիւ, ։ Լեւոնեան քահ. հայ վարժարանը գոյութիւն ունի մէկ Նոյեմբեր 1883¨էն ի վեր։ Իր այս այցելութեան առթիւ ՅՊԲ. քահանայապետը, ի մէջ այլոց ըսած էր. «այս հանդիպումին համար, բազմաթիւ տարիներ պատրաստուեցայ. երիտասարդութեանս տարիներէն սկսեալ, որովհետեւ իմ հայրենիքիս մէջ, ձեր եկեղեցին, ներկայ, տեսանելի եւ գործօն էր, եւ հասարակաց պատմութեան մէջ շատ գեղեցիկ գլուխներ գրած»։ Հայ կաթողիկէներու պատմութիւնը Լեհաստանի պատմութիւնն է։
Հոս պէտք է աւելցնեմ (ըսած էր այդ առթիւ ՅՊԲ) որ իմ երկրորդական ուսման տարիներուս, բարձրագոյն վարժարանի մէջ, նոյն նստարանին վրայ քովս ունէի դասընկեր մը որ հայ կաթողիկէ էր, ան ինծի համար եղած էր շատ բարի ընկեր մը։

24 Ապրիլ 1985¨ին, Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ՅՊԲ «հրաւիրած էր ներկաները աղօթքով միանալու հայ եկեղեցւոյ հանւատացեալներուն, ի յիշատակ 70 տարիներ առաջ անոնց ապրած տառապալից պատահարներուն, Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։

11 Նոյեմբեր 1986-ին , ՅՊԲ ընդունած էր Ֆրանսայի Լիոն քաղաքէն հայ հաւատացեալներու խումբ մը։ Այս հանդիպումին ընթացքին Սրբզ. պապը հաստատած էր ըսելով ՝՝Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսին եւ Հռոմի եպիսկոպոսին միջեւ գոյութիւն ունի յատուկ համահասկացողութիւն մը՝՝։


8 Դեկտեմբեր 1988¨ին, Հայաստանը հարուածող մեծ երկրաշարժի յաջորդ օրը, ՅՊԲ Սրբզ. Պապը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին. յուզումով յիշեց երկրաշարժէ վնասուած Հայաստանը ըսելով. «Տառապանքի ներկայ պահուն, աւելի քան երբեք, մօտ եմ հայ ժողովուրդին, անոնք միշտ ներկայ են իմ աղօթքներուս մէջ ու նաեւ իմ հովուական մտահոգութիւններուս մէջ, օգնութեանը հասնինք երկրաշարժէն տուժած այս ժողովուրդին՝՝ ։
Ի դէպ 10 դեկտ. 1988¨ին ՅՊԲ Սրբզ պապը ցաւակցական հեռագիր ներ յղեց այն օրերու Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. վեհափառին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարք Ամեն. եւ Գերերջանիկ Յովհաննէս Պետրոս 18 Գասպարեանին, Խորհրդային Միութեան նախագահ՝ Միխայիլ Կորպաչովին եւ 100.000 տոլարի յատկացում մը կատարեց, որպէս զօրակցութեան նշան, Ս. Աթոռի կողմէ, դիմագրաւելու ստիպողական պահանջքները երկրաշարժի զոհերուն։

25 դեկտ 1988¨ին, Յիսուսի Ս. Ծննդեան տօնին տուած իր պատգամին, եւ, Հռոմ քաղաքի եւ երկրագունդի օրհնութեան մէջ, Սրբզ. քահանայապետը դարձեալ կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան, օգնելու՝ հայ ժողովուրդին։

28 դեկտեմբեր 1988¨ին ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբզ. քահանայապետը յայտնեց թէ կը մասնակցի երկրաշարժի զոհերուն ցաւին եւ կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու ։

9 Յունուար 1989¨ին, ՅՊԲ Սրբզ. Պապը Դիւանագիտական մարմնին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, յետ երկրաշարժին Հայաստանի համար ցուցաբերուած զօրակցութեան հսկայ շարժումը բնորոշեց, բարի կամքի ծայրագոյն նշանը։

10 Յուլիս 1989¨ին ՅՊԲ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ընդունեց աղէտեալ գօտիէն եկած 100 Հայ երախաներ ։

7 Դեկտեմբեր 1989¨ին Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի առաջին տարեդարձին առթիւ, դարձեալ վառ յիշատակով երկրաշարժի ողբերգութեան ՅՊԲ նորէն սիրոյ իր զգացումները արտայայտեց հայ ժողովուրդին հանդէպ որ դիմագրաւեց այս դժուարին փորձին որուն ենթարկուեցաւ։ Ուստի տրամադրեց 100.000 տոլար արժող գումար մը, նեցուկ կանգնելու նպատակով հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծրագիրներուն, դիմագրաւելու՝ տուժած ժողովուրդի կարիքներուն եւ նպաստելու վերակառուցման աշխատանքին։

2 Ապրիլ 1990¨ին, Հայոց Մեծ Եղեռնի 75¨ամեակին առիթով ՅՊԲ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Ներսէս Եպ. Սեթեանին հեռագիր մը յղեց ուր գրուած էր. «Սրբզ. Պապը իր հոգեւոր զօրակցութիւնը կը յայտնէ այն ողբերգական դէպքին համար, որ եղաւ աղբիւրը հայ ժողովուրդի մեծ ցաւին ու տառապանքին ։ Ան, կ՝աղօթէ որպէսզի նման ոգեկոչում մը, ծառայէ, յիշատակելու՝ պատշաճ կերպով, վնասակար հետեւանքերը ցեղային ու կրօնական անհանդրժողութիւններուն, եւ, որպէսզի մղէ մարդկութիւնը, վերջ դնելու բռնութեան եւ թշնամութեան, ներումի եւ խաղաղութեան միջոցաւ հնազանդելու Քրիստոսին։

21 Յունուար 1991¨ին ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ՝ վսեմ. տիար Լեւոն Տէր Պետրոսեանին ու անոր ընկերակցող շքախումբին։ (հոս աւելցնենք թէ հայրենի պատուիրակութիւնը այցեԼեց նաեւ Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկ. բաժնի գրասենեակը, ու նաեւ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքը...)

15 Փետրուար 1991¨ին Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Հ.Հ. Ազգային ժողովի երեսփոխան՝ տիար Արարատ Կոմիցեանը. հայրենի նախարար տիար Կոմիցեան, եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբզ. Պապին՝ (յետ 1988¨ի երկրաշարժին) անոր կատարած օժանդակութեան համար, կառուցելու՝ Նարեկի Տիրամօր արդի հիւանդանոցը։
Ի դէպ 6 հոկտեմբեր 1991¨ին, Կարտինալ Ագիլլէ Սիլվեստրինի(յանուն ՅՊԲ¨ին) բացումը կատարեց սոյն հիւանդանոցին։ Իր պատգամին մէջ Սրբզ. Քահանայապետը գրած էր « Այս տարիներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ ձեր պատմութեան հոլովոյթին որպէս քրիստոնեայ ժողովուրդ դուք հետեւեցաք Քրիստոսին ընթանալով անոր Խաչի ճանապարհէն։ Որքան հայու արիւն թափուեցաւ, հաւատքի համար... ձեր տառապանքի ու մարտիրոսութեան պատմութիւնը թանկագին մարգարիտ մըն է որով կը պարծենայ Տիեզերական Եկեղեցին։

23 Մայիս 1992¨ին Սկիզբ առին դիւանագիտական յարաբերութիւնները Ս. Աթոռի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ։

27 Մայիս 1992¨ին Հ.Հ. ներկայացուցիչներ Սրբզ. Հօր նուիրեցին «ԺԲ դարէն Խոշավանքի Խաչքարի շատ գեղեցիկ ու նշանակալից մէկ օրինակը »։

17 Նոյեմբեր 1992¨ին Ս. Պետրոսի մէջ, հայածէս հանդիսաւոր Ս. Պատարագին ընթացքին Սրբզ. Պապը օծումը կատարեց Հայաստանի եւ արեւեԼեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջին վիճակաւորին յանձին արհի. Ներսէս արք. Տէր Ներսէսեանին։

7 դեկտեմբեր 1992¨ին Սրբզ. Պապը նշանակեց Հայաստանի առաջին առաքելական նուիրակը (դեսպանը) Գերապայծառ Ժան Բօլ Կոպէլը։

10¨ 14 դեկտեմբեր 1996¨ին Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողոկոսը իր առաջին պաշտօնական այցելութիւնը կատարեց Վատիկան։

24 Մարտ 1999¨ին ՅՊԲ Սրբզ. Պապը բացումը կատարեց Վատիկանի Թանգարանին մէջ մեծ խնամքով պատրաստուած՝ «Հռոմ/Հայաստան» ցուցահանդէսին, ի ներկայութեան Հ.Հ. Նախագահ՝ Ռոպէր Քոչարեանի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա.ի։

14 Սեպտեմբեր 2000¨ին Սրբզ. Պապը ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարք ամեն. եւ գերերջ. Ներսէս Պետրոս 19¨րդը յոբելինական ուխտագնացութեան առիթով։

8 էն -11 Նոյեմբեր 2000¨ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Պաշտօնական այցելութիւն կատարեց ՅՊԲ¨ին եւ Հռոմի կաթողիկէ եկեղեցիին։ Ս. Աթոռի եւ Էջմիածնի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդուեցան պաշտօնական կարեւոր հանդիպումներու առիթով։ Սակայն յիշեալ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներու կարեւոր երկու այցելութիւններէ ետք

«Առաջինը՝ բարեյիշատակ Վազգէն Ա¨ի այցելութիւնը երջանկայիշատակ Պօղոս Զ պապին, վերջ գտաւ՝ 12 Մայիս 1970¨ին միացեալ յայտարարութեան մը վաւերացումով, իսկ երկրորդը՝ հանգուցեալ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին այցելութիւնը 1996¨ի դեկտեմբերին եւ իր մահուընէ քանի մը ամիս առաջ 1999¨ի Մարտին,Վատիկանի մէջ։

10 Հոկտեմբեր 2000¨ին ՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսի նախագահութեամբ Ս. Պետրոսի մէջ համամիութենական աղօթք կատարուեցաւ ներկայ էին մեծ թիւով հայեր, իտալացիներ եւ ուխտաւորներ։

18 Փետրուար 2001-ին ՅՊԲ նախագահեց հայկական ծէսով հայրապետական Ս. Պատարագին եւ իր հայրական խօսքը ուղղեց։
Ս. Զոհին աւարտին, Նորին Սրբութիւն ՅՊԲ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ շնորհեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աճիւնները», որոնք պահուած էին Իտալիոյ Նաբոլի քաղաքը Ս. Գր. Լուսաւորիչի անունը կրող վանքին մէջ, 8-րդ դարէն ի վեր։

Հայոց քրիստոնէացումին 1700-ամեակի առիթով, ՅՊԲ հայասէր քահայանապետը ուղղեց հայ ժողովուրդին Առաքելական նամակ մը, որուն մէջ կը դրսւորէ հայ ժողովուրդը՝ որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգը' բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս նաեւ անոր հաւատարմութիւնը Քրիստոսի սուրբ Աւետարանին, իր կրած չարչարանքները եւ նահատակութիւնները դարաւոր եւ ալեկոծեալ իր պատմութեան ընթացքին։
կ'արժէ յիշատակել Այստեղ սրբազան Հօր նամակէն սա հատուածը. «Հայերը, որպէս խաղաղութեան եւ աշխատասիրութեան պատգամաւորներ, աշխարհը շրջեցան ու անցան, եւ իրենց ձեռքերու ծանր աշխատանքով թանկագին նպաստ մը ընծայեցին...։ Քրիստոնեայ ժողովուրդը ուրախ է իրենց վեհանձն եւ հաւատարիմ ներկայութեան համար եւ կը մաղթէ , որ անոնք միշտ համակրանք եւ հասկացողութիւն կարենան գտնել աշխարհի ամէն կողմ»։

7.Յուլիս 2001¨ին ՅՊԲ ունկնդրութիւն շնորհեց Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերուն։

25-27 Սեպտեմբեր 2001-ին ՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետը այցելեց Հայաստանը, հիւրը Ն .Ս. Օծութիւն Գարեգին Բ վեհափառին։
Պատմութեան մէջ, ՅՊԲ Ս. Պետրոսի յաջորդներէն առաջինն է, որ Հայաստան այցելած է, եւ, մեր բիւրաւոր նահատակներու Ծիծիռնակաբերդի կոթողին առջեւ ամփոփուելով՝ աղօթած է։ ՅՊԲ նաեւ եղաւ առաջին քահայանապետը, որ ճանչցաւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտեց անոր ահաւոր ոճրագործութիւնը։

7. Հոկտեմբեր 2001-ին Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ Ն.Ս.ը երանելի հռչակեց 1915ի ցեղասպանութեան զոհ՝ Մարտինի արքեպիսկոպոսը' Ինգնատիոս Մալոյեան, ներկայութեամբ բոլոր արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներուն, հարիւրաւոր կարդինալներուն, օտարազգի բազմաթիւ եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, կրօնաւորուհիներու եւ հոծ բազմութեան ուխտաւորներու եւ Ս. Աթոռին մօտ հաւատարմատար դեսպաններու, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր լրատուուղական միջոցներու ներկայացուցիչներու։

19.Յունուար 2005¨ին Սրբզ. Պապը բացումը կատարեց, եւ օրհնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայ արձանը, որ կը բարձրանայ Ս. Պետրոս պազիլիքայի արտաքին պատին որմնախորշին մէջ, ի ներկայութեան ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, կաթողիկոս պատրիարքին, պատասխանատու կարտինալներու, սիւնոդոսական հայրերու, վարդապետներու, Հայ Մայրապետներու եւ զանազան առաքելավայրերէն Հռոմ ժամանած հայ կաթողիկէ ուխտաւորներու ու քաղաքական ներկայացուցիչներու։ Այդ առթիւ ներկայ էին նաեւ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներ եւ պատուիրակներ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններէն։

28.Յունուար 2005¨ին ՅՊԲ Սրբզ. Քահանայապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպէր Քոչեարեանը, Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուելէն երկու օր առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.