2011-04-29 13:48:51

Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Հրապարակի Վրայ Աստուծոյ Ծառայ ՅՊԲ.ի Երանացման Արարողութիւնը։


Աստուծոյ ծառայ ՅՊԲ.ի երանացումի թուականը արդէն կը մօտենայ եւ 2 օրէն՝ կիրակի օրը , մայիս մէկին առաւօտեան ժամը 10ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետի գլխաւորութեամբ՝ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը երանաշնորհ Գարոլ Վոյթիուան, իր մահէն 6 տարի ետք, խորաններու պատւոյն պիտի բարձրանայ ։
Վերջին տասը դարերու ընթացքին ոչ մէկ քահանայապետ խորաններու պատւոյն արժանացած է իր յաջորրդին կողմէ, եւ վերջին 300 տարիներու ընթացքին ՅՊԲ.ը՝ 11րդ քահանայապետն է որ եկեղեցւոյ երանելիներու շարքին պիտի դասուի։ 264 քահանայապետներու վրայ 79-ն՝ սուրբ հռչակուած են, իսկ 11-ը՝ երանելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.