2011-04-29 13:54:50

Ուաշինկթընի Մէջ ՄԻՆՍՔ-ի Խմբակի Համանախագահներու Եւ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխ-Նախարարի Հանդիպում։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ, Պեռնար Ֆասիէ եւ Իկոր Փոփով, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք նախանցեալ օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնսի հետ:
Հանդիպումէն առաջ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ համանախագահները ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ պիտի քննարկէին, որպէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման միջնորդներ իրենց վերջին շրջանի եւ յառաջիկայ գործունէութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.