2011-04-29 13:52:28

Մամլոյ Ասուլիս Աստուծոյ Ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման Արարողութեան Ի Տես։


Ուրբաթ 29 ապրիլ 2011-ին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու՝ Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի երանացման արարողութեան նախատեսուած՝ նախաձեռնութիւնները։ Ելոյթ ունեցան Վատիկանի բանբերը՝ Հայր ֆետէտիքօ Լոմպարտի, Գերապայծառ Մարգօ ֆրիզինա՝ Հռոմի թեմի Ծիսական գրասենեակի պատասխանատուն, եւ Հայր Վալթեր Ինսէրօ՝ Հռոմի թեմի ընկերային հաղորդամիջոցներու պատասխանատուն։


ՅՊԲ.ի Երանացման Հետ Կապուած Ձեռնարկներ
ՅՊԲ երանացումի առթիւ բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ միջոցառումներ կը կազմակերպուին զանազան մակարդակներու վրայ, ըլլայ եկեղեցական, քաղաքական թէ մշակութային։ ՅՊԲ. քահանայապետութեան իր 25 տարիներու ընթացքին եղաւ բոլորէն սիրուած քահանայապետ մը, ինչպէս կը հաստատէ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի՝ Օսսերվաթորէ Ռոմանոյի տնօրէնը՝ Ճիան Մարիա Վիան իր խմբագրականին մէջ գրելով << Շատեր` քրիստոնեայ եւ ոչ, Քարոլ Վոյթիուայի մէջ տեսան Աստուծոյ ճշմարիտ ծառայ մը, Քրիստոսի համոզուած վկայ մը, իր երիտասարդութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ կեանքի վերջին շունչը։
Շատ մը երկիրներու մէջ, տեղական եկեղեցիները նոյն օրը կազմակերպած են հանդիպումներ եւ հեռուստատեսիլի միջոցաւ ուղղակիօրէն պիտի հետեւին այս աննախնթաց արարողութեան։
Նշենք թէ Հռոմի մէջ շաբաթ՝ 30 ապրիլի երեկոյեան ժամը 9ին, նախատեսուած է աղօթքի հսկումի երեկոյ մը որ տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Չիրքօ Մասսիմոյի տարածքին վրայ։ ինչպէս նաեւ երկուշաբթի 2 մայիսի երեկոյան՝ Հռոմի ՜՜ Գամբիտոլիօ՝՝ կեդրոնական Քաղաքապետարանի հրապարակի վրայ, նախատեսուած է նուագահանդէս մը <<ՅՊԲ եւ Հռոմը. Յիշատաակ եւ Գոհաբանութիւն>> վերտառութեամբ։
Իտալիոյ կառավարութիւնը այս առթիւ յատուկ մետալ մը եւ դրոշմաթուղթ մը շրջանառութեան մէջ կը դնէ նուիրուսծ երջանկայիշատակ քահանայապետին որուն պաշտօնական ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 29 ապրիլի կէսօրին մասնկացութեամբ՝ Հռոմի Թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիին։








All the contents on this site are copyrighted ©.