2011-04-29 13:58:05

Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի Ոգեկոչում Դամասկոսի Մէջ-Սուրիա։


Դամասկոսի հայ երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ՝ եւ մշակութային միութիւններու միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ՝ Դամասկոսի առաջնորդանիստ սուրբ Սարգիս եկեղոցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, կիրակի 24 ապրիլի երեկոյեան՝ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն մը՝ հայոց ցեղասպանութեան 96 ամեակի յիշատակին։ Այս ոգեկոչման մասնակցեցան Դամասկոսի հայ առաքելական թեմի առաջնորդը՝ գերշ. տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը՝ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան, Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Արշակ Փօլատեան, Դամասկոսահայ միութիւններու վարչականներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ բազմաթիւ դամասկոսահայեր։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Դամասկոսի մարոնիթ համայնքի առաջնորդը՝ Սամիր եպ. Նասսար եւ ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդը՝ Ժան եպ. Գաուագ ։
Երկուշաբթի 25 ապրիլի առաւօտուն, Դամասկոսի ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, դարձեալ Դամասկոսի համայնքապետերու, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանի եւ հոծ հաւատացեալներու բազմութեամբ՝ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ ի յիշատակ բիւրաւոր նահատակներուն, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ տեղադրեցին յուշարձանին առջեւ։ Օրուայ պատգամաբերն էր պատուելի Սամուէլ Թաշճեան՝ հոգեւոր հովիւը Դամասկոսի հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ։Նոյն օրը՝ երեկոյեան, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն մը, որմէ ետք Դամասկոսի մշակութային միութիւններու միացեալ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ կատարուեցաւ Նահատակաց յուշահանդէս: Նախ Խօսք առաւ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը որմէ ետք օրուան Օրուան բանախօսը` տիար Պարոյր Աղպաշեան իսկ հուսկ բանքը արտասանեց Դամասկոսի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդը՝ Արհի. Յովսէփ եպ. Արնաւութեան որ կոչ ուղղեց միասնականութեան եւ համագործակցութեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրն մը որուն մասնակցեցան Դամասկոսահայ Միութիւնները, եւ յուշահանդէսը փակուեցաւ Հայաստանի ազգային քայլերգով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.