2011-04-29 13:56:37

Գիտաժողով Նուիրուած Հայազգի Գրագէտ Յակոբ Օշականին։


Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպութեամբ ապրիլին, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ,(Աբովեան 52ա) տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր Յակոբ Օշականին նուիրուած գիտաժողով մը` որ նպատակ ունէր համակողմանիօրէն արժեւորել Յակոբ Օշականի գրական, մանկավարժական գործունէութիւնը, գրականագիտական արդիական չափանիշներով գնահատել անոր գրական ժառանգութիւնը:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի ուղերձի ընթերցումէն ետք, Խօսք առին «Համազգային» հիմնադրամի նախագահը՝ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի վարիչը՝ Արծրուն Աւագեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը՝ Լեւոն Անանեան:
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 80 գիտնականներ` գրականագէտներ, պատմաբաններ, մանկավարժներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն` ի շարս որոնց Մարկ Նշանեան (Միացեալ Նահանգներ), Պօղոս Սնապեան (Լիբանան), Գրիգոր Պըլտեան (Ֆրանսա), Ռուբինա Փիրումեան (Միացեալ Նահանգներ):








All the contents on this site are copyrighted ©.