2011-04-28 11:01:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։ Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Երանելի


Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին կատարած մէկ հրաշքը ֆրանսացի կրօնաւորուհիի մը, որ իր բարեխօսութիւնը խնդրած էր իր անբուժելի հիւանդութեան համար։ Այս հրաշքի վաւերացումով՝ երանացումը պիտի հռչակուի Վոյթիուա Քահանայապետին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս մէկին ։
Երանացումը նշան հաւատքի խորութեան եւ հրաւէր ճշմարիտ քրիստոնէական կեանքի ապրումին։
Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած սուրբի մը կամ երանելիի մը հռչակումը, կը դրսեւորէ Եկեղեցւոյ կեանքի մէկ կարեւոր դէպքի մը ներգործութիւնը, որով կը հրաւիրուի քրիստոնեայ հասարակութիւնը յիշելու՝ այն անձը որ իր կեանքով փառաւորեց զԱստուած եւ պայծառացուց եկեղեցին։

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի քահանայապետութիւնը եղաւ պայծառ ու պերճախօս նշան մը ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներու կողմէ, այլ եւ ամէն ազգի, մշակոյթի ու կրօնքի կողմէ սրբութեան ճանաչում։
Բ. անմիջապէս սուրբ''։ Միլիոնաւոր մարդիկ իր մէջ ճանչցան Աստուծոյ մարդը։ Բոլորին ծանօթ էր թէ ան եղած է աղօթքի մարդ։

Քարոլ Ոլթիուայի սատարը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին - Գրաքովիայի երիտասարդ առաջնորդը եղաւ ամէնէն գործունեայ եպիսկոպոսը Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին։ Ան իր վճռական սատարը բերաւ ''Եկեղեցին ժամանակակից աշխարհի մէջ'' Gaudium et Spes վճռագրին։ Շնորհիւ իր կատարած բազմաթիւ ճամբորդութիւններուն՝ Արեւելք թէ Արեւմուտք, ան ունեցած էր դրական մեծ փորձառութիւն մը աւետարանութեան ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.