2011-04-28 11:08:32

ՅՊԲ.ի Երանացման Արարողութեան Առթիւ Լիբանանու Մէջ Միօրեայ Հանդիպում Նուիրուած Հայ Ընտանիքին։


Յառաջիկայ մայիս մէկին, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի Հայ կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Ընտանեկան յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ լիբանանու Զմմառու դարաւոր Վանքի Վարչութեան, կազմակերպուած է միօրեայ հանդիպում մը՝ տօնելու համար հայ ընտանիքի օրը ու յիշատակելու՝ ՅՊԲ երջանկայիշատակ սրբազան քահանայապետը, որուն երանացման արարողութիւնը պիտի կատարուի նոյն օրը (մէկ մայիսին) Հռոմի մէջ։ Զմմառու Վանքի մեծաւոր՝ գերյարգելի Հ. Միքայէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեանի յայտարարութեամբ՝ ՅՊԲ.ի երանացման առթիւ Հայ Ընտանիքի օրը նշելու դրդապատճառը այն է որ՝ երջանկայիշատակ քահանայապետը, իր քահանայապետութեան առաջին օրէն ի վեր, շատ մօտէն հետեւեցաւ ընտանիքի հարցերուն ու խնդիրներուն, որպէս կորիզը մարդկային հասարակութեան եւ ընտանիքին ընդմէջէն պաշտպանեց կեանքը եւ կեանքի սրբութիւնը մանաւանդ <> կոնդակի հրատարակութեամբ։
Նշենք թէ Հայ Ընտանիքի օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ՝ Երանաշնորհ ՅՊԲ.ի երանացման արարողութեան ուղղակի հեռասփռումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.