2011-04-28 11:06:40

Եւրոպական Միութեան Ձայնասփիւռի Եւ Հեռուստատեսիլի Ընդհանուր Ժողովը Ռատիովատիկանի Մէջ։


Այս տարի Ռատիովատիկանը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 80ամեակը։ Այս առթիւ Ռատիովատիկանի տնօրէնութիւնը խնդրած է որ Եւրոպական Միութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի 17-րդ ընդհանուր ժողովը Վատիկան գումարուի։
Ժողովականները սիրով ընդառաջացած են հրաւէրին, նկատի ունենալով թէ Ռատիովատիկանը ամենէն հին անդամներէն մէկն է եւ աշխարհի առաջին ձայնասփիւռներէն մէկը՝ որուն հիմնադիրը եղած է նոյնինքն Կուլիելմօ Մարգոնին` գիւտարարը ձայնսփիւռին։
Եւրոպական Միութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի ընդհանուր ժուղովը տեղի կ'ունենայ 28-29 ապրիլ, Վատիկանի ձայնասփիւռի կեդրոնին մէջ։
Ժողովը կը գլխաւորէ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի` նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին։ 28 ապրիլի առաւօտեան՝ յաջորդաբար խօսք պիտի առնեն. տիկին Տորիս Բաք` նախագահը ''Մշակոյթ եւ դաստիարակութիւն'' եւրոպական յանձնախումբին, որ պիտի անդրադառնայ Եւրոպայի Ձայնասփիւռի զոյգ դրութեան միջոցառումներուն, իսկ Տիկին Ինկրիտ Տելդերն՝ տնօրէնը Եւրոպայի Միութեան Ռատիոյի պիտի զիկուցէ ''տեսութիւն եւ ռազմավարութիւն'' ռատիոներու ընկերակցութիւններու մարմնին։ Յետմիջօրէին` խօսք պիտի առնէՌատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէնը՝ յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմբարտին,անոր միջամտութեան նիւթն է ''նոր թեխնիքներու ռազմավարութիւնը''։
29 ապրիլին՝ տեղի պիտի ունենան երկու կլոր սեղաններ` առաջինին նիւթն է ` ՜՜երկրագունդի չափանիշով կատարուած ընկերային հաղորդակցութիւններու յեղաշրջումները՝՝ , իսկ երկրորդինը` ՜՜կապը հանրային ձայնասփիւռի եւ մշակոյթի միջեւ՝՝։
Յայտնենք թէ Եւրոպական Միութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի ընդհանուր ժուղովը դռնփակ կը կատարուի, անոնք պիտի մեծարեն յիշատակը ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիելմօ Մարգոնին։
30 ապրիլին՝ շաբաթ օրը առաւօտուն, Գասդել Կոնտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցի պալատին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ժողովականներուն, ։








All the contents on this site are copyrighted ©.