2011-04-28 11:09:13

Ապրիլեան Ոգեկոչման Ձեռնարկ Հ. Կ. Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ,
Պուրճ Համուտ, Լիբանան։


Պէյրութի Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը, երեքշաբթի՝ 19 Ապրիլին, վարժարանի շրջափակին մէջ, ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակներու յիշատակը։
Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգներու ունկնդրութենէն յետոյ, ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտուհի՝ Ռուբինա Թովմասեան, ապա վարժարանի մանկապարտէզի ուսուցչուհի եւ երգչուհի՝ Լիզա Սվաճեան հրամցուց հայրենասիրական թեմայով զոյգ երգեր։ Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօսը, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանի տնօրէն՝ պր. Աւօ Կիտանեանը, որ իր խօսքին մէջ յատկապէս կարեւորեց այն հանգամանքը, որ 96 տարիներ յետոյ ալ այս տեսակ հաւաքները կու գան փաստելու, որ մեր 1.5 միլիոն զոհերու յիշտակը անմեռ է։
Այս առթիւ վարժարանի շրջափակին մէջ բացուած էր 4-րդէն մինչեւ 8-րդ դասարաններու աշակերտութեան «Վերածնունդ, վերականգնում» խորագիրով նկարչական գործերու ցուցահանդէսը։ Անդրադառնալով այս ցուցահանդէսին պատգամախօսը՝ Պրն. Կիտանեան ըսաւ որ այս ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերը այլեւս դուրս ելած են աւանդական սեւ-ճերմակի սահմաններէն, եւ արդէն գոյները կը խօսին այն մասին, որ Ապրիլ 24-ը սուգի օրէն վերածուած է վերածնունդի օրուայ մը։ Պր. Կիտանեան նաեւ անդրադարձաւ նորօրեայ սերունդներու կարեւորագոյն ընելիքներուն, որոնք յատկապէս պէտք են յաղթելու համար մէկ այլ՝ աւելի վտանգաւոր թշնամիի՝ ձուլումի, լուծուելու վտանգին։ Գեղարուեստական յայտագիրը կ՝ընդգրկէր աշակերտներու կողմէ կատարուած՝ «Ապրիլեան Նահատակ» ասմունքը, որմէ յետոյ միջնակարգ բաժինի աշակերտուհիներէն Նայիրա Պաղտասարեան կատարեց «Armenian Cause» երգը։
Ձեռնարկի աւարտին բոլոր աշակերտները ուշի-ուշով դիտեցին ցուցադրուած աշակերտական գործերը։











All the contents on this site are copyrighted ©.