2011-04-27 14:48:21

Յարձակում Ատանայի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցւոյ Դէմ։


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երկու թուրքեր յարձակում գործած են Ատանայի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ դէմ` Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի նման «հռչակաւոր» դառնալու համար:
Ըստ թրքական օրաթերթին, անոնք յարձակում գործելէ առաջ հեռաձայնած են թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան եւ ըսած. «Մենք կը պատրաստուինք եկեղեցւոյ վրայ յարձակում գործելու»:
Երկու թուրքերը 21 ապրիլին դանակներով եւ սուրերով յարձակում գործած են Ատանայի մէջ գտնուող Ս.Պօղոս կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ: Եկեղեցւոյ սպասաւորները անմիջապէս հեռաձայնած են ոստիկանութեան, որ դէպքին վայրը հասնելով ձերբակալած է երկու թուրքերը, որոնք իրենց առաջին վկայութեան մէջ յայտնած են, որ յարձակումը գործած են, որովհետեւ եկեղեցւոյ սպասաւորները իրենց առաջարկած են Աւետարան բաժնել:








All the contents on this site are copyrighted ©.