2011-04-27 14:49:00

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը Ընտրութիւններու Ընթացքին Կը Խնդրէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աջակցութիւնը ու Աղօթքը։


«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ այցելած է Պոլսոյ Ս. Թագաւոր հայկական եկեղեցին:

Աւագ Բանագնաց Պաղըշ շնորհաւորած է եկեղեցւոյ անձնակազմի Ս. Զատկուան տօնը` յոյս յայտնելով, որ 12 յունիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ հոգեւորականները աջակցին եւ աղօթեն իրենց համար: Հանդիպումին ընթացքին թուրք նախարարը մէջբերած է Հրանդ Տինքի` խաղաղութեան վերաբերեալ խօսքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.