2011-04-27 14:48:51

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Կարսի Հայ-Թրքական Բարեկամութեան Յուշարձանի Քանդումը։


«Հիւրրիյէթ» թրքական օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի քանդումին դէմ է: Յուշարձանը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր:
Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Հելեն Ֆլոթր յայտնած է, որ Յուշարձանը քանդելը Յուշակոթողներու դէմ գրաքննութիւն մըն է եւ մտահոգիչ զարգացում մը: Հելեն Ֆլոթր նաեւ ըսած է, որ յուշարձանը թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ բարեկամութեան ծրագիր մըն էր, եւ անոր քանդումը այդ պատգամին ջնջումը կը նշանակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.