2011-04-27 14:48:12

«Մեր Հայ Եղբայրներուն Նահատակութիւնը Ամօթի Խարան Մըն է Ոճիրը Գործողներու Ճակտին» Ըսաւ Պշարա Ռայի Պատրիարքը


«Մեր հայ եղբայրներուն նահատակութիւնը ամօթի խարան մըն է ոճիրը գործողներու ճակտին», յայտնեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` պատասխանելով «Վանայ Ձայն»ի արաբերէն բաժինի հարցումներուն:
«Յարութեան այս օրերուն, երբ կ՛անդրադառնանք հայոց նահատակութեան, պատմական ըմբռնումով անիկա Ցեղասպանութիւն է, սակայն քրիստոնէական դիտանկիւնէն` վերածնունդ է հայութեան համար», հաստատեց Ռայի պատրիարքը` ողջունելով հայ եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը:
Մարոնիներու պատրիարքը բարձր գնահատեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու յարաճուն կամքը, «երբ անոնք ամէն տարի չեն մոռնար ոգեկոչելու իրենց նահատակներուն յիշատակը»:
«Այսուհանդերձ, հարկ է չարը փոխարինել բարիով, քանզի ա՛յս է մեր առաքելութիւնը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.