Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։
Երկուշաբթի 25ապրիլ
Բ. օրը Յարութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան
աղօթքը արտասանեց քահանայապետական ամարանոցէն հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ
Սիրեցեալ
եղբայրներ ու քոյրեր,
Քրիստոսի յարութեամբ բարեփոխուեցաւ մեր մարդկայիոն կեանքի
վիճակը։ Քրիստոս յաղթահարեց մահուան վրայ` պտուղը մեր մեղքին ու մեզի բերաւ յաւիտենական
կեանքը։ Քրիստոնեաները յարութեան տօնին իրազիրար կ'ողջունեն ըսելով. ''Քրիստոս յարեաւ
ի մեռելոց / Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստիոսսի''։ Այս ողջոյնով հաւատացեալը կը յայտնէ իր
հաւատքը եւ միաժամանակ յանձն կ'առնէ Աւետարանը ճանչցնել հեթանոսներուն։ Ապա Նորին
Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ յարութեան Բ օրը Արեւելքի ու Արեւմուտքի քրիստոնեաները կը
ոգեկոչեն Մարկոս աւիտարանիչի տօնը` Մարկոս`Աստուածային Բանին իմաստուն քարոզիչը եւ Քրիստոսի
վարդապետութեան գրողը։ Ան նաեւ պաշտպան սուրբն է Վենետիկ քաղաքի, Աստուծոյ կամքով կը
պատրաստուիմ Վենետիկը այցելել յառաջիկայ 7-8 մայիս։ Իսկ այժմ կը հրաւիրեմ ամէնքդ հետս
աղօթել ''Ողջ լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը։ Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը
տալէ Սրբազան Հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկսաները անոնց յայտնելով զատկական
բարեմաղթութիւնները։