2011-04-23 06:47:35

Զատկուայ Պատարագէն Անմիջապէս Ետք Պենետիկտոս ԺԶ Հռոմի Պապը Քահանայապետական Ամարանոց Կը Մեկնի։


Նորին Սրբութիւնը քահանայապետական ամարանոցին մէջ պիտի հանգչի մինչեւ մայիս մէկը։ Արդարեւ այդ օրը, Մայիս մէկին՝ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս հրապարակի վրայ, Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երանացման պատարագը ։ 25 ապրիլին, ԳասթելԿանտոլֆոյի ներքին փակին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կէսօրին ''Ողջ լեր Թագուհի ''մարեմեան աղօթքը պիտի արտասանէ։ 27 ապրիլին մի քանի ժամուան համար Հռոմ կը վերադառնայ շաբաթական ընդհանուր ունկնդրութեան համար։ Նշենք թէ Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիսապետէ եօթը երկար ծիսակատարութիւններ, աւելի քան երկու ժամուայ տեւողութեամբ։ Իր նախորդներուն նման , Նորին Սրբութիւնը Զատկուայ պատարագէն եւ ''Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի օրհնութենէն ետք'' քահանայապետական ամարանոց մեկնած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.